«Հոգեբանական Ազդակները Լուսարձակի Տակ» (Հոգեբան-աշակերտութիւն հանդիպում)

Wed, 16 Dec 2020

Տիրող կացութիւնը, ամենուրէք, իր թանձրացող ու  հեղձուցիչ տխուր պատկերներով, կլանած է համայն մարդկութիւնը, պատճառելով բազմաբնոյթ ու բազմատեսակ աղէտներ:

Լիբանանցիք եւս, որոնց շարքին լիբանանահայութիւնը, կ'անցնին այս դժնդակ պայմաններէն, մանաւանդ նոր սերունդը՝ աշակերտութիւն և ուսանողութիւն, որոնք կը դիմագրաւեն, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն, հոգեբանական տագնապներ, իրենց զանազան արտայայտութիւններով և     ախտաերեւոյթներով:

ՀԲԸ Միութեան պատասխանատուները ու տնօրէնութիւնը, քաջ գիտակցելով հոգեբանական ազդակներու ձգած ու ձգելիք անբաղձալի հոգեկան ու ֆիզիքական հետքերու պարտադրելի վտանգներէն, ինչպէս միշտ, նախանձախնդիր են իրենց աշակերտութեան  հոգեմտային առողջացման վրայ, այնքան ատեն որ՝ շրջապատային ու միջավայրային մթնոլորտները, ամենէն առաջ կ'ազդեն անոր  վրայ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել անոր, մասնագիտական ծրագրեալ միջոցներով:

Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2020, յետմիջօրէի ժամը 4:00-5:00, առցանցային հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ 7-12րդ դասարաններուն համար մեր վարժարանի հոգեբան-փորձագէտ Տիկ. Կրէյս Վարդանի հետ, որ այս մարզէն ներս փորձառու մասնագէտ մըն է:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, նախ՝ բացատրեց նման յայտագիրի մը կայացման կարեւորութիւնը, ի տես անոր անհրաժեշտութեան, ապա, ներկայացուց օրուան զեկուցողուհին:

Տիկ. Վարդանը, հոգեբանի փորձագիտութեամբ և մասնագիտութեան գիտելիքութեամբ, ուրուագծեց այն գործօնները, որոնք այսօր համատարած մտահոգութիւն դարձած են, յատկապէս թուելով հոգեբանական ճնշուածութիւնները (stress), պրկուածութիւնները (strain), անձկութիւնները (anxiety), խոցելիութիւնները (trauma), ջղագրգռութիւնները (excitement) և յարակից այլ նախանշանները:

Այդուհետեւ, զեկուցողուհին, հանգամանալից ու մանրամասնեալ բացատրութիւններով, տեսերիզներու համացանցային ցուցադրութիւններով (գրութիւն-նկար) խօսեցաւ, նկարագրեց ու շեշտեց իւրաքանչիւր հոգեբանական երեւոյթի տուն տուող պատճառներուն, զարգացումներուն ու հետեւանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնցմէ հեռու մնալու կարելիութիւններ ընդգծելով, հետզհետէ ձերբազատուելու անոնցմէ կամ մեղմացնելու զանոնք:

Նիւթը ոչ միայն շահեկան ու հետաքրքրական էր, այլեւ՝ այժմէական, քանի ձգտուած պայմանները, անխուսափելիօրէն կը պարտադրեն հոգեբանական ելեւէջներ և յաճախ կրնան առաջնորդել վտանգաւոր արդիւնքներու, որոնց կանխարգիլման համար, պէտք է դիմել մասնագէտներու օգնութեան ու բժշկագիտական ցուցմունքներու:

Աշակերտութիւնը աչալրջութեամբ և ուշադրութեամբ հետեւեցաւ զեկուցումին, մերթ ընդ մերթ հարցումներ ուղղելով, ակնկալելով որ նման հանդիպումներ յաճախ կը կրկնուին:

Աւարտին, Պրն. Տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Վարդանին, վերստին զինք հիւրընկալելու պատրաստակամութեամբ:

GRACE 1.jpg
140 KB
View

Name
Title
Comment