Յիշատակելի Տօնակատարութիւն Վարդանանց Հերոսամարտի - Պատգամախօս՝ Հոգշ. Տէր Հրանդ Վրդ. Թահանեան

Sat, 13 Feb 2021

Ձեռնարկի տեսերիզը՝ այստեղ:

Երկրին մէջ տիրող ձգտուած պայմանները, առողջապահական, տնտեսական, ապահովական ու քաղաքական անբաղձալի հետեւանքներով, ատենէ մը ի վեր, անբնական ու մտահոգիչ կացութիւններ, որոնք իրապէս ազդած են նաեւ ընկերային, կենցաղային, ապրուստային և սննդային կեանքին վրայ:

Կրթական ցանցը չէր կրնար հեռու մնալ այս հակոտնեայ իրավիճակներէն, որ ինքզինք լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնէր, դիմագրաւելու դժուարութիւնները, ու կարելի չափով, բառնալու զանոնք:

Գլխաւոր խոչընդոտը կը կազմէր ժահրային վարակումներու առկայութիւնը, որ վերջին շրջանին բաւական սպառնական թափ ստացած է, խլելով մեծ թիւով զոհեր, որոնց դիմաց, ամենէն ահաւորն են դպրոցներուն և աշակերտներուն հասանելի հաւանական վտանգները:

Վերջին հաշուով, ամբողջ սերունդ մը կարելի չէր զրկուած պահել ուսումնառութենէ, թէկուզ զայն փոխարինելով տարբեր միջոցներով, ինչպէս եղած էր անցեալ կրթական տարեշրջանին, որուն համար, արհեստավարժական նորագոյն ու լրացուցիչ հնարքներէն օգտուելու առիթները ներկայիս աւելի ձեռնտու են հետեւաբար, ի վիճակի կրնան ըլլալ նպաստելու աշակերտութեան կրթութեան:

Ուսուցման առցանցային ընտրանքները, յաւելեալ կարելիութիւններով, արդէն գործադրելի են գրեթէ բոլոր դպրոցներուն մէջ, որոնց շարքին՝ հայկական վարժարաններուն:

ՀԲԸ Միութեան վարժարանները, որոնք ընթացքիկ տարեշրջանէն սկսեալ, արդէն բարեյաջող ուղիի մը մէջ են և կը յուսան այդ ընթացքը շարունակել, սակայն, առանց մոռնալու արտաուսումնական գործունէութեան (ատենամարզանքային հասկացողութեամբ) իրականացումը, յատկապէս՝ ազգային թուականներու նշումով կամ ոգեկոչումով:

Այս սկզբունքով ու մեկնակէտով, Չորեքշաբթի,  Փետրուար 10ին, առցանցային կայքով մեր աշակերտութիւնը, յիշատակելի և օրինակելի եղանակով, տօնախմբեց Վարդանանց հերոսամարտը, պատգամախօսական ու գեղարուեստական տպաւորիչ յայտագիրով:

Որպէս պատգամախօս հրաւիրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն, Հոգեշնորհ Հայր Հրանդ Թահանեանը, որուն կենսագրութիւնը ներկայացուց, պատշաճ մատուցումով, աշակերտուհի Մէյրի Նաճարեան, զինք հրաւիրելով իր խօսքը փոխանցելու աշակերտութեան:

Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տրուած այս գեղեցիկ առիթին համար, նախ շնորհաւորեց բոլորը, սրբազան այս տօնին անդրադառնալու, հակառակ ծանր ու անբարենպաստ պայմաններուն:

Սահմանուած կարճ ժամանակամիջոցին, Հայր Սուրբը կրցաւ արժեւորել Վարդանանց պատերազմի էութիւնը և նշանակութիւնը, զայն փոխադրելէ դարէ դար, որպէս հայ ժողովուրդի կեցութեան ու գոյութեան հզօր կամուրջ մը, որոնցմէ քաղուած դասերը միշտ ալ ուսանելի ու վարակիչ եղան, նոյնիսկ երբ ան դէմ յանդիման գտնուած է անակնկալ թէ կազմակերպուած պատերազմական յարձակումներու, հալածանքներու կամ ճնշումներու:

Պատգամախօսը, դիւրահաղորդ ու հաղորդական ոճով, Վարդանանց գոյամարտը նկարագրեց որպէս լուսաւոր փարոս, ի հեճուկս իր նահատակներուն ու կորուստներուն, որոնք նոր կեանքի ու թռիչքի հնարաւորութիւններ ընծայեցին անոր, դէպի նոր ապահով հորիզոններ:

Ան Վարդան Մամիկոնեանի քաջարութիւնը նմանցուց «խենդ»ութեան ու «խինդ»ութեան ընդմէջէն բոցկլտացող աւիւնի, որուն արդիւնքը եղաւ հայ ժողովուրդին անառիկութիւնը և կառչածութիւնը իր արմատներուն որոնց պէտք է հաւատայ իւրաքանչիւր հայ ու մանաւանդ՝ իրերայաջորդ սերունդները, որոնք Վարդանի տեսիլքը պէտք է իրականացնեն նորօրեայ ըմբռնումով ու պայծառ հաւատարմագրութեամբ, ատիկա ըլլալով այն ամրակուռ գրաւականը, ուր կը վերածնի ու կը վերագոյատեւի ամբողջ հայ ժողովուրդը:

Հայր Սուրբը, կուռ խօսքերով ու շինիչ մաղթանքներով եզրափակեց իր պատգամը, թելադրական գտնելով վարդանանց ոգիին անսասանութիւնը և յաւիտենականութիւնը պահել իր ուղեցուցային և ոգեշնջային ոլորտներուն մէջ:

Այս առընչութեամբ, յիշեցնենք, Հայր Սուրբը, աշակերտութիւնը աւելի գործնապէս ներգրաւելու համար այս մթնոլորտէն ներս, նախօրօք պատրաստած էր ամփոփ հարցախոյզ մը, վարդանանց պատերազմի արդիւնքին մասին. «բարոյակա՞ն յաղթանակ էր», թէ՞ «իսկական յաղթանակ», որուն լոյսին տակ, իր գնահատականը ու տեսակէտը պարզեց ան, քաջալերելով մասնակիցները:

Այնուհետեւ, սկիզբ առաւ գողտրիկ ու շահեկան յայտագիր մը, երբ աշակերտները հանդէս եկան հետեւեալ շնորհալիութիւններով.

ա. Դաշնամուր՝ “Masquerade Walts” (Արամ Խաչատուրեան) – Համբիկ Մարտիրոսեան

բ. Արտասանութիւն՝ «Խորհուրդ Վարդանանց» (Վահան Թէքէեան) – Լիկա Ապաճեան, Մելոտի Էլսուէյտի, Գալին Ժերթիտեան

գ. Երգ՝ «Հիմի Էլ Լռենք» - Պետրոս Յովհաննէսեան

դ. Նուագ՝ «Հայ Որդիք» - Հրակ Նագգաշեան

ե. Տեսերիզ՝ «Վարդանանք» որմնաքանդակի ցուցադրութիւն (գործ՝ Գր. Խանճեանի), ընթերցում ու բացատրութիւն՝ Մարալ Կիրիթլեանի համապարփակ ներկայացումով, մատնանշելով հայ ժողովուրդի տաղանդաւորները:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Սուրբին, իր բովանդակալից ու դաստիարակչական պատգամին համար, յայտագիրը պատրաստող ուսուցիչներուն, որոնք բոլորն ալ Վարդանանց խորհուրդը կենդանացուցին, իրենց խօսքերով ու գեղարուեստական մասնակցութիւններով, առ այդ, անդրադարձած ըլլալով, Վարդանանց պատերազմէն ծնունդ առած ազգային-հայրենասիրական դասերուն, որոնք պէտք է մնան հայ ժողովուրդին հաւատոյ հանգանակը:

Հայր Թահանեանի պահպանիչով վերջ գտաւ ոգեկոչումը, թարմ յուշեր սերմանելով աշակերտութեան ոգիներուն մէջ:


Name
Title
Comment