Բաց Նամակ Անիին

Tue, 2 Nov 2021

«Պայքար» Շաբաթաթերթ

Հոկտեմբեր 31, 2021

Սիրելի Անի,

Սեպտեմբեր 9-ն է, Պէյրութ: Այլեւս սովորական դարձած օր մըն է, ճնշիչ ու անխնայ, ջուրի, վառելանիւթի կամ ելեքտրականութեան անվերջ ընդատումներով եւ սահմանափակումներով: Տոլարը՝ կը սաւառնի թեւատարած, սղաճը մրցանշային թիւեր կ՛արձանագրէ, իսկ լիբանանահայ ընտանիքներ կը կքին ապրուստային հիմնական կարիքներու ապահովման ծանր բեռին տակ: Վերամուտ է, եւ ՀԲԸՄի ղեկավարութիւնը, հայկական բոլոր միւս վարժարաններուն նման՝ այս դժուարին եւ օրհասական պայմաններուն տակ՝ ջանք չխնայեր, որ հայ աշակերտը ստանայ իրեն արժանի ուսումը, եւ հայ կրթօճախը անխափան շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Առաւօտ կանուխ, նմանօրինակ մտածումներով եւ մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուած՝ կը հասնիմ գրասենեակ, ուր անակնկալօրէն կը գտնեմ ազնիւ մայրդ, քրոջդ ընկերակցութեամբ: Կը հրաւիրեմ գրասենեակ, ուր՝ որպէս հին ծանօթներ, կը խօսինք անցուդարձերէն: Կը հարցնեմ մասիդ – կը յիշեմ, թէ որքա՛ն ժրաջան եւ աշխատասէր աշակերտուհի էիր, եւ որքա՛ն դժուար էր համեստ միջոցներու տէր ընտանիքիդ համար քեզ դպրոց ու համալսարան ղրկելը: Կ՛ուրախանամ, երբ քոյրդ կը բացատրէ, թէ համալսարանական ուսումդ աւարտելէ ետք՝ այժմ կը գտնուիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր կ՛աշխատիս «Սիլիքոն Վէլի»ի արհեստագիտական մեծ ընկերութիւններէն մէկուն մէջ:

Տեսակցութեան աւարտին՝ յանկարծ մայրդ իր պայուսակէն ծրար մը կը հանէ, կը զետեղէ գրասեղանին վրայ, ըսելով .- «Այս գումարը Անին ղրկեց իր դպրոցին ու համայնքին համար»: Աչք մը կը նետեմ ծրարին մէջ - գումարը բաւական պատկառելի է, այսօրուան հասկացութեամբ ուսուցիչ-տնօրէնի մը գրեթէ մէկուկէս տարուան աշխատավարձին համապատասխանող: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ընտանիքիդ, ու կը խնդրեմ, որ շնորհակալական խօսքս եւ ջերմ ողջոյններս փոխանցեն քեզի:

Հիւրերուն մեկնումէն ետք, խիստ զգացուած կը մնամ կատարուածէն: Մարդ որքա՛ն շոյուած կրնայ զգալ, երբ հեռաւոր ափէ մը կը ստանայ այսպիսի անակնկալ մը, եւ որքա՛ն հպարտ զգացումներով կը պարուրուի՝ իր նախկին աշակերտուհիներէն մէկուն գորովալից ու փափկանկատ այս արարքին ի տես: Որքա՛ն խրախուսական է այս արարքը, բարացուցական եւ գոտեպնդող, եւ կը փաստէ, թէ հայ դպրոցէն ծնած ու սնած, անոր բարիքները վայելած հայ մարդը՝ երախտագիտութիւն արտայայտել գիտէ, եւ այսօր, Լիբանանեան այս ճգնաժամին մէջ՝ ան այս նախաձեռնութիւնը վերցուցած է իր օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնելու զինք արժեւորող, կերտող ու դաստիարակող կրթօճախին:

Սփիւռքի տարածքին, հայկական դպրոցները կը գործեն մեր եկեղեցական, ազգային, կուսակցական կամ միութենական կառոյցներու հովանիին տակ: Եթէ այդ կազմակերպութիւններն ու կառոյցները հաւատարիմ պիտի մնան հայապահպանման իրենց առաքելութեան, ապա՝ ի գին բազում զոհողութիւններու, պէտք է շարունակեն գուրգուրալ հայ դպրոցին վրայ: Գաղտնիք չէ, որ այդ «զոհողութիւններ»ուն հիմնականը՝ նիւթական կամ դրամական ծանր պարտաւորութիւնն է, որ բաւական մեծ «բաց» մը կը յառաջացնէ վերոյիշեալ կազմակերպութիւններու պիւտճէին մէջ, եւ երբեմն պատասխանատուներու դժգոհութեան պատճառ կը դառնայ: Երեւութապէս, այդ չկամութիւնը կամ դժգոհութիւնը արդարացի է, որովհետեւ կայ նիւթական միջոցներու յստակ «մսխում»՝ առանց համապատասխան նիւթական «շահ»ի - ենթադրեալ բարոյական «շահ»ը՝ հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան առումով՝ վերացական է ու անհաշուարկելի:

Սակայն, եթէ քիչ մը աւելի խորանանք նիւթին մէջ, պիտի գտնենք, թէ տրամադրուած այդ նիւթական միջոցները (իմա՝ դրամը) «մսխում» պէտք չէ համարել: Ծախսուած այս միջոցները, գաղութներու եւ համայնքներու կենսունակութեան եւ հայ ինքնութեան պահպանման կողքին՝ «Կայուն Զարգացման» (Sustainable Development) տրամաբանութեամբ՝ կրնան նաեւ եկամուտի աղբիւր հանդիսանալ այդ կազմակերպութիւններուն: 

Բացատրենք: Առեւտրագիտութեան մէջ, կայ «ներդրում-եկամուտ» (Investment-return) պարզ հասկացողութիւնը, որ կը թելադրէ, թէ նիւթական իւրաքանչիւր ներդրում կ՛ենթադրէ համապատասխան «շահ» մը կամ եկամուտ մը – այսինքն, երբ անհատ մը կամ կազմակերպութիւնը ներդրում կատարէ եւ գումար տրամադրէ, նոյնիսկ տարիներ ետք՝ պիտի ստանայ անոր համապատասխան արդիւնքը կամ եկամուտը: Սփիւռքահայ վարժարաններու պարագային՝ ներդրում կատարողը մեր բարերարներն են, եկեղեցին կամ կազմակերպութիւնները, իսկ ստանալիք «շահ»ը՝ մեր յաջողակ շրջանաւարտները պէտք է ըլլան, որոնք իրենց նիւթական աջակցութեամբ պէտք է իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն զիրենք  յաջողութեան առաջնորդած դպրոցներուն: Հայկական վարժարաններուն ճիշդ ա՛յդ օղակն է որ կը պակսի, եւ պէտք է զայն աշխուժացել՝ որպէսզի ամբողջանայ «համայնքի եւ բարերարներու ներդրում  բարձրորակ դպրոց յաջողակ եւ երախտապարտ շրջանաւարտ համայնքի շահ կամ եկամուտ» շրջանակը:

Սիրելի Անի,

Նախաձեռնութիւնդ այն օղակն է, որ այսօր կու գայ ամբողջացնելու այդ շրջանակը: Կը մաղթեմ, որ ՀԲԸՄի Վարժարաններուն տաքուկ ու ապահով գիրկին մէջ սնած ու ծաղկած, աշխարհատարած մեր շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիները՝ հետեւին օրինակիդ եւ գործնականօրէն, իրենց լուման նուիրելով՝ ապահովեն իրենց հայկական ոգիով, ազգային ու մարդկային արժէքներով եւ մայրական շունչով կռած մեր դպրոցի անսայթաք ընթացքը: Դուն՝ Անի, ինչպէս մեր բոլոր շրջանաւարտներն ու նախկին սաները, դու՛ն ես մեր պապերուն ու հայրերուն կատարած ներդումին «եկամուտը»: Նո՛յն տրամաբանութեամբ, այսօրուան «ներդրում»դ է, որ պիտի ապահովէ գալիք սերունդերուն կենսունակութիւնը ու անո՛նց ապագայ ներդրումը, ու այսպէս՝ շարունակաբար, որպէսզի հայ դպրոցը շարունակէ գոյատեւել ու զարգանալ, հայ ուսուցիչը՝ լուսաւորել, եւ հայ աշակերտը ստանայ իրեն արժանի ուսումը եւ կառչած մնայ իր արմատներուն, լեզուին, մշակոյթին ու ինքնութեան:

Շնորհակալութի՛ւն, շնորհալի եւ օրինակելի աշակերտուհի, այս անակնկալին եւ մեր վարժարանի առաքելութեան հանդէպ արտայայտած հաւատքիդ համար: Այսօր դո՛ւն ուսուցիչն ես, իսկ մենք՝ աշակերտները: Քեզի սրտանց կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ գործի յաջողութիւն – ինչպէս մայրս պիտի ըսէր՝ «Հող բռնես՝ ոսկի դառնայ»:

Սիրով, եւ շուտով հանդիպելու ակնկալիքով՝

Արա Վասիլեան

Պէյրութ


Name
Title
Comment