«Կրտսեր Պատմիչ» Մրցանակ - Օրինակելի ու Գնահատելի Նախաձեռնութիւն Ճերեճեան Եղբայրներու Կողմէ

Tue, 30 Nov 2021

Լիբանանահայ վարժարաններուն ապրող և ապրեցնող երակները եթէ իրենց կեանք ու շունչ տուող աղբիւրներն են, անտարակոյս, անոնց գոյատեւման և արժեւորման հիմնարար գրաւականները իրենց զաւակներն են, աշակերտները, սերունդները և շրջանաւարտները:

Բոլոր անոնք, որոնք անցած են այդ «ոսկեայ» օղակներէն, արժանաւորապէս և յաջողապէս, իրաւունք ունին հպարտանալու, այլեւ համոզուելու, որ մեր կրթական ոստանները կրնան կանգուն մնալ շնորհիւ իրենց սան-սանուհիներուն, որոնք միշտ երախտապարտ կը մնան իրենց երկրորդ ընտանիքներու հոգատարութեան ու հաւատարիմ՝ անոնց մատուցած հոգեկան ու գիտելիքային սնունդներուն:

Հայ ժողովուրդը, իր արմատներուն ծնունդով և հայեցի դաստիարակութեամբ, աւանդականօրէն կառչած մնացած է իր ազգային ընտրանքներուն ու նոյն ոգիով ու վճռակամութեամբ ալ կը շարունակէ իր երթը:

*

*     *

Այս առընչութեամբ, ի շարունակութիւն նախապէս հաստատուած մրցանակներուն, 4 Նոյեմբեր 2021ին, նման գեղեցիկ ու քաջալերական մրցանակ-նուիրատուութիւն մը կատարուեցաւ մեր նախկին յաջողակ Ճերեճեան եղբայրներուն կողմէ, որոնք հիմքը դրին «կրտսեր պատմիչ» մրցանակին, զայն շնորհելու համար մեր վարժարաններէն՝ այն աշակերտին, որ հայերէնագիտական նիւթերուն մէջ պատուաբեր յաջողութիւններ կ'արձանագրէ:

Շիրազ և Արարատ Ճերեճեանները, ծրագրուած նախաձեռնութեամբ դիմած են այս քայլին, նախ՝ մեծապէս կարեւորելու համար հայերէնագիտութեան առարկաներուն դասաւանդութիւնը, ապա, հայ աշակերտութեան մղելու, աւելի սիրով և հետեւողականութեամբ նուիրուելու իրենց մայրենիին ու պատմութեան:

Այս տարի մրցանակը նուիրուեցաւ 5րդ դասարանի աշակերտ՝ Տիգրան Սիմոնեանին, գնահատելով անոր աշխատասիրութիւնը հայերէնի և հայոց պատմութեան նիւթերուն մէջ:

Յիշեցնենք որ՝ Շիրազը և Արարատը զաւակներն են վաստակաւոր կրթական մշակներ՝ Հայարփի և Նազօ Ճերեճեաններուն, առաջինը ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու մէջ իր երկարամեայ ծառայութեամբ, իսկ երկրորդը՝ ըլլալով Յովակիմեան-Մանուկեանի նախկին շրջանաւարտներէն, իրենց զաւակները եւս դաստիարակելով ազգային-միութենական ու հայրենասիրական կրթութեամբ:

Տիկ. Հայարփի բարձր գնահատեց իր զաւակներուն այս սրտաբուխ նախաձեռնութիւնը, որ կրնայ նպաստել նոր սերունդի հետաքրքրութեան և աւելի ոգեւին փարելու այդ նիւթերուն, մինչ Շիրազը բացատրեց իրենց այս ծրագրին դիմելու անհրաժեշտութեան մասին, յուսալով որ կ'իրականանայ ան և այլ շրջանաւարտներ եւս կը սատարեն նման նախաձեռնութիւններու իրականացման:

Միջոցառման «զում»ով մասնակցեցան՝ հայր ճերեճեանը (Պէյրութ) և Արարատը (Տուպայ):

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ մրցանակակիր Տիգրանին տուչութիւնը, աշակերտութեան և ուսուցիչներուն բուռն ծափահարութիւններու տակ, որմէ ետք տնօրէն՝ Արա Վասիլեանը շնորհաւորեց Տիգրանը, նաեւ շնորհակալութիւն՝ ճերեճեան եղբայրներուն, իրենց այս օրինակելի նախաձեռնութեան համար:


Name
Title
Comment