Լիբանանեան Լուսանկարներու Տպաւորիչ Ցուցահանդէս (Հեղինակութեամբ՝ Արուեստագէտ Միշէլ Ըսթայի)

Thu, 9 Jun 2022

5 Ապրիլ 2022ը, 10րդ, 11րդ, 12րդ դասարաններուն համար եղաւ ուսանելի և իւրայատուկ օր մը, երբ անոնք պատեհութիւնը ունեցան վայելելու գեղարուեստական-լուսանկարչական գեղեցիկ ու պերճախօս պահ մը, ՀԲԸՄի Երուանդ Տեմիրճեան կեդրոնէն ներս, ՀԲԸՄի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ եւ անոր Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Արտա Եանըքեանի, ինչպէս նաեւ նոյն Յանձնաժողովի անդամ՝ Տիկ. Միրէյ Խանամիրեանի, տնօրէնութեան և ուսուցչակազմի ներկայութեան:

Առիթը լիբանանցի երիտասարդ վաստակաւոր արուեստագէտի մը գործերն էին, որոնք լուսանկարչական ոսպնեակներով, ձեւաւորած ու նկարազարդած էին բազմաթիւ տեսարաններ, պատմական Լիբանանէն մինչեւ այժմու երանգներ ու գոյավիճակներ, իրենց փայլուն ու տխուր, հպարտառիթ ու ցաւատանջող, գերշնչող ու խամրող, կենդանացնող ու դալկացնող երեսներով, ամբողջ պատմութիւն մը հիւսելով, ուր հեղինակ-արուեստագէտը՝ Միշէլ Ըսթա, հանդէս կու գար բացառիկ ինքնատպութեամբ, մարդասիրական անմիջականութեամբ, քաղաքացիական գիտակցութեամբ ու ստեղծագործական ձեռնհասութեամբ, ոչ միայն առընչուելով իր կոչումին, այլեւ՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան ուղիին:

Աշակերտութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ այս միջոցառումին, ինչ որ տեղ անոր ներկայացումը նկատելով դասաւանդային յաւելեալ կարգ մը, իր բնոյթով, ընթացքով ու կազմակերպումով:

Սանուհի Մարալ Կիրիթլեանի բացման և ողջոյնի խօսքէն նաեւ արուեստագէտ հեղինակի հակիրճ մուտքէն ետք, վերջինս, իր լուսանկարչական ցուցադրութեան ընդմէջէն լայն բացատրութիւններ տուաւ, պատկեր առ պատկեր, ցուցատախտակ առ ցուցատախտակ, քայլ առ քայլ, մինչ աշակերտութիւնը ուշադրութեամբ և աչալրջութեամբ կը հետեւէր անոր ցուցմունքներուն, որոնք կը վերաբերէին՝ Լիբանանի պատմականութեան, անցեալի թէ ներկայի զուգորդութիւններով ու  համեմատութիւններով, Պէյրութը, Թրիփոլին, հարաւը, իրենց զանազան ծալքերով ու մանրամասներով:

Մէկ խօսքով՝ Լիբանանի պատկերային խտացուած բայց ամբողջական նկարագրութիւնն էր, որ կը պարզուէր այս ցուցադրականութեամբ, ուր պատմական վաւերագրութիւններու կողքին, կը պարզուէին այնպիսի տեսարաններ, որմնազդներ, ուրուանկարներ, շքեղութիւններ, անցեալէն թէ ներկայէն, որոնց վերջնագոյններն էին 4 Օգոստոս 2020ի նաւահանգիստին մահացու և աւերիչ աղէտը, որոնց «կենդանի» պատկերներու ցուցադրութեամբ, արուեստագէտը կրցած էր տալ այն ահաւորութիւնը, որ տիրած էր ամենուրեք, ինք դառնալով այն քիչերէն, որ կրցած էր զանոնք փոխանցել հանրութեան՝ ինքնատեսի վերարտադրումով ու բնորոշումներով, միաժամանակ, լրացուցիչ բաժնով, տալով լիբանանեան այն հնամենի սովորութիւններն և աւանդոյթները, որոնք կիրարկելի էին Պէյրութի, Թրիփոլիի ու Սայտայի մէջ (օրինակ՝ ժողովրդային բաղնիքները ...):

Արուեստագէտ դասախօսը, լիբանանեան բազմաթիւ համալսարաններու մէջ, արուեստագիտութեան փրոֆեսոր ըլլալով, իր զեկոյցի աւարտին թելադրեց՝ արուեստին նուիրուելու համար, իւրաքանչիւր անձ, որ հակում ունի անկէ որեւէ մարզի մէջ, իր ուսումնական կեանքին զուգահեռ օգտուի այդ առիթէն ու զարգացնէ իր համապատասխան արուեստը:

Արուեստագէտը, ի վերջոյ, իր սրտի խօսքը ուղղեց, այս բացառիկ առիթին համար, իր անձով ու գործով ներկայանալու ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու աշակերտութեան, ջերմապէս գնահատելով անոր հետաքրքրութիւնը, ապա, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով այս նախաձեռնութիւնը յաջողցնող կողմերու համագործակցող ճիգերուն:

Ապա, ՀԲԸՄի Վարժարաններու Ֆրանսերէնի ուսուցչուհի Տիկ. Աննա Արթինի շնորհակալական խօսքէն ետք, յարգելի արուեստագէտին շնորհուեցաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը, առ ի շնորհակալութիւն իր օգտաբեր ու բացատրողական զեկուցումին, նաեւ՝  առ ի գնահատանք՝ իր արուեստին այժմէականութեան ու վաւերականութեան:

DSC_7798.JPG
3.4 MB
View
DSC_7817.JPG
2.2 MB
View
DSC_7834.JPG
4.8 MB
View

Name
Title
Comment