Գործնական ու Գիտելիքային Ուսմունքներ NDUԷն Ներս

Thu, 9 Jun 2022

Նախորդ տարիներու հետեւողութեամբ, այս տարի եւս, մեր աշակերտները առիթ ունեցան այցելելու NDU համալսարան, որպէսզի ծանօթանան ու հետեւին գործնապէս և անմիջականօրէն, ապագայի իրենց ընտրելի կամ նախասիրելի ճիւղերուն ու մասնագիտութիւններուն, պատկան դաստիարակներու հսկողութեամբ, բացատրութեամբ կամ նկարագրութեամբ:

Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022ին, երբ 11րդ դասարանի աշակերտութիւնը, առաջնորդութեամբ փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պալեօզեանի և   հերթապահ Պրն. Գէորգ Կարապետեանի, ուղղուեցան տուեալ համալսարանի հանդիսասրահը, ուր դիմաւորուեցան մասնագէտ պատասխանատուներու կողմէ, իրենց գրասեղաներուն վրայ ունենալով անհրաժեշտ պիտոյքները, առարկաները և ընդհանրապէս այն բոլոր իրերը, նմուշներն ու իրերը, որոնք կ'առընչուէին բացատրելի նիւթերուն ու մասնագիտութիւններուն հետ:

Իւրաքանչիւր աշակերտ մօտենալով սեղանիկներուն մօտ, ուր կը գտնէր իր ապագայի հաւանական ընտրութիւնը կամ ասպարէզը, կ'իրազեկուէր անոր ընթացքին, կառոյցին, կազմութեան և յարակից բազմաթիւ մանրամասնութիւններուն, կենդանի պատկերներով ու տեղեկութիւններով լուսաբանուելով, նաեւ իր հարցումներուն ու  հետաքրքրութիւններուն յագուրդ տալով:

Ընտրութիւնները կը վերաբերէին բժշկութեան, հիւանդապահութեան, երկրաչափութեան, ճարտարապետութեան, տնտեսագիտութեան, հոգեբանութեան, ուսողութեան, առեւտրականութեան, լեզուագիտութեան ու բազմատեսակ այլ բնագաւառներու:

Անտարակոյս, խիստ շահեկան և ուսանելի միջոցառում, որ այժմէն ուսանողը կը կողմնորոշէ կամ կը նախապատրաստէ դէպի այն կալուածը կամ մարզը, որ կրնայ իրեն համար ըլլալ ճիշդ ուղիի մը հասնելու նպատակակէտ մը:

Տնօրէնութիւնը նախանձախնդիր է, որ ուսանողը այս նախաձեռնութենէն առաւելագոյնս օգտուի, հաստատուն քայլերով ուղղուելու դէպի իր ապագան:

IMG-20220408-WA0022.jpg
135 KB
View
IMG-20220408-WA0029.jpg
125 KB
View

Name
Title
Comment