Ս. Զատկուան ու ՀԲԸՄի Տարեդարձի Նշումներ. Մարզական Փառատօն-Մրցանակաբաշխումներ

Thu, 9 Jun 2022

Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2022ը, իրապէս տօնական իւրայատուկ օր էր. մեր ամբողջ աշակերտութիւնը և ուսուցչակազմը, համախմբօրէն կը նշէին Ս. Զատկուան ոգեշնչութեան պատգամախօսութիւնը, իր կրօնական ու դաստիարակչական բովանդակութեամբ, ապա, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 116 ամեակը, ճոխ, բազմերանգ ու տպաւորիչ՝ յաղորդական զոյգ ու տարբեր յայտագիրներով:

Հարազատ մնալով Զատկուան արարողութեանց աւանդութեան, որուն շարքին՝ հաղորդութեան ընդունումը, ձեռամբ մեր վարժարաններու մնայուն բարեկամ, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեանի, որ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ՝ աղօթքով ու մտորումներու կարգով, տնօրէնութեան, ուսուցչութեան և աշակերտութեան մաղթելով առողջութիւն և յաջողութիւն, դէպի աւելի բարօր ու հանրօգուտ ապագայ:

Ապա, իւրաքանչիւր աշակերտ և ուսուցիչ ստացան իրենց հաղորդութիւնը, ուշագրաւ երկիւղածութեամբ, խոնարհութեամբ ու խաչակնքումով, որմէ ետք՝ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, Զատկուան քաղցրահամ անուշէղէններով ու համադամներով: 

Այնուհետեւ, աշակերտութիւնը, իր զանազան դասարաններով, խմբային ընթերցումներով թէ այլապէս, Ս. Զատկուան Աստուածաշնչական մէջբերումներով ու վկայութիւններով, ձեւով մը ամբողջ պատկերը տուաւ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան և անոր վերածննդեան խորհուրդներուն:

Երկրորդ բաժինը յատկացուած էր ՀԲԸ Միութեան տարեդարձին, որուն համար պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը, նուիրուած անոր ծնունդին, պատմութեան, ազգանուէր ու հայրենաշէն գործունէութիւններուն, հայ ժողովուրդին ծառայելու բազում ներդրումներուն, ազգային ծրագիրներու կերտումին, սերունդներ հասցնելու ու կրթելու վսեմագոյն նպատակներու իրագործման ի խնդիր:

Գեղեցիկ ու բովանդակալից յատագիրը սկսաւ Կարէն Պաղսարեանի (10րդ դասարան), խնամուած բացման խօսքով, անդրադառնալով օրուան նշումներուն կարեւորութեան և անոնցմէ ոգեշնչուելու հոգեկան և հայեցի դաստիարակութեան:  Հուսկ, Պրն. Տնօրէնի հրաւէրով, խօսք առաւ վարժարաններու վերի կարգերու հայ գրականութեան աւագ ուսուցիչ՝ Պրն. Պարոյր Աղպաշեան, որ ընդգծեց ՀԲԸ Միութեան հիմնադրութեան հիմնարար դերակատարութիւնը ու ներգործութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, հայրենիք թէ սփիւռք, կանգ առնելով այն ՉՈՐՍ բառերուն վրայ, որոնք կը բնորոշեն անոր կազմութիւնը ու առաջադրութիւնը, որպէս՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ, ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ, ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ, ՄԻՈՒԹԻՒՆ, թելադրելով որ՝ իւրաքանչիւր անձ, այդ ոգիով ու հասկացողութեամբ ընդունէ այս ազգային կազմակերպութեան թռիչքն ու տեսիլքը, որուն սաները և անդամները ըլլալու պատիւը ունին և պիտի ունենան, իրենց կեանքի ընթացքին:

*

*     *

Մարզական Փառատօն Եւ Մրցանակներու Բաշխում

Այս բոլորի ծիրէն ներս և որպէս լրացուցիչ օրուան ոգեկոչումներուն, յատկանշական ու քաջալերական մթնոլորտը այն էր, որ աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի մարզադաշտ, ուր նախատեսուած ու կազմակերպուած էին ներաշակերտական մրցաշարքեր, զանազան մրցատեսակներով, վարժարաններուս տղոց և աղջկանց մարզիչներուն («քոչ»երուն)՝ Պրն. Գէորգ Կարապետեանի և Տիկ. Նայիրի Հայրապետեան-Էլսուէյտիի բծախնդիր աշխատանքներով:  Խանդավառութիւնը և ոգեւորութիւնը, բոլոր մակարդակներու վրայ և բոլոր մարզերէն ներս, այնքան բարձր էր, որ պահ մը կարծուեցաւ յատենի-երբեմնի Նաւասարդեան խաղերու ժամանակաշրջանն է, թէեւ անոնք բորովին այլ ոլորտներու վրայ էին, բայց, այսօրուան հայեացքով, տեղի ունեցածն ալ զանոնք կը յիշեցնէր:

Մարզադաշտը համախմբուած էր աշակերտական շարքերով և ուսուցչական կազմով, որոնք բոլորն ալ պատրաստ էին մասնակցելու օրուան մարզա-կազմակերպչական միջոցառումներուն, որոնց կարկառուն ու մղիչ ուժերն էին «քոչ»երը, անոնց միանալով նաեւ ժրաջան տնօրէնը՝ Պրն. Արա Վասիլեան, իր գործօն մասնակցութեամբ ու ... մրցակցութեամբ:

Տեղ մը նախակրթարանը, դիմացը՝ երկրորդականը, բոլորն ալ ստեղծած էին ջերմ, եռանդուն ու մրցունակ համապատկեր մը, որ արդէն կը հասատատէր, թէ աշակերտութիւնը կը գտնուէր իր գագաթնակէտային ոգեւորութեան մէջ:

Մրցաշարքային ու մրցունակային հեւքը լաւագոյնս ցոյց կու տար, թէ աշակերտութիւնը ինչպիսի մղումով և անմիջականութեամբ ինքզինք պատրաստած էր այս փորձադաշտին, մէկ կողմէն՝ Ս. Զատկուան նախօրեակին, միւս կողմէն՝ ՀԲԸ Միութեան տարեդարձին առիթներով:

Կ'արժէ հոս յիշել և արձանագրել, որ խումբերը և անձերը, արժանացան մրցանակներու, շնորհաւորելով անոնց աշխատունակութիւնը և յաջողութիւնը, զանոնք դարձնելով յիշարժան պահեր, դպրոցական- միութենական կեանքին փոքր, այլ համեստ հոլովոյթին մէջ:

*

*     *

Յիշեցնենք, որ Մանկապարտէզի երեխաները եւս մասնակցեցան Ս. Զատկուան և Միութեան տօնակատարութեան միջոցառումներուն, մեծ խանդավառութեամբ և ոգեւորութեամբ, երգով, պարով ու բարձր տրամադրութեամբ, զարդարուած ու պճնուած Զատիկը յուշող երեւոյթներով, ապա, փոխադրուելով ՀԵԸի մարզադաշտ, դիտելու ու վայելելու մարզախաղերու տեսարանները, նաեւ քաջալերելով դպրոցական մարզիկները:

278453174_5203735436313594_6984605233730218482_n.jpg
180 KB
View
278547119_5203735446313593_762607211765841932_n.jpg
118 KB
View
DSC_3443.JPG
3.8 MB
View
DSC_3465.JPG
2.6 MB
View
DSC_3511.JPG
2.9 MB
View
DSC_3526.JPG
4.1 MB
View
DSC_3563.JPG
3.8 MB
View
DSC_3571.JPG
3.8 MB
View
DSC_3576.JPG
3.9 MB
View
DSC_3579.JPG
4.1 MB
View
DSC_8733.JPG
5 MB
View
DSC_8812.JPG
1,018 KB
View
DSC_8846.JPG
3 MB
View
DSC_8865.JPG
4 MB
View
DSC_8942.JPG
5.7 MB
View
DSC_8973.JPG
6.4 MB
View
IMG-20220414-WA0020.jpg
269 KB
View

Name
Title
Comment