Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ ՀԲԸՄի Վարժարաններու աշակերտներ՝ Անի Մուշեղեանը, Մարտիկ Խաչատուրեանը, Հրանդ Էլմայեանն ու Արէն Վասիլեանը, մասնակցելով ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուսանողական Միութեան կազմակերպած միջ-դպրոցական զարգացման մրցումին՝ արժանացած են երկրորդ մրցանակին:
Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր սաները, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներն ու ուսուցիչները: