Մայրերը ի պատուի ...
Անոնց գուրգուրանքը, սէրը, հոգատարութիւնն ու դաստիարակութիւնը իրենց զաւակներուն նկատմամբ, անկրկնելի սրբութիւններ են:
Ի զուր չէ որ՝ մեր գրողները, անհուն պաշտամունքի ու փառաբանանքի արժանացուցած են հայ մայրերը, ինչպէս՝ Աւետիք Իսահակեանը՝ Յովհաննէս Շիրազը, Պարոյր Սեւակը և շատ ուրիշներ, անոնց նուիրելով անգին բանաստեղծութիւններ ու սրտառուչ գրութիւններ:
Այս ջերմ վերաբերմունքը հայ մայրերուն նկատմամբ, կը բխի այն գիտակցութենէն, որ անոնք արժանի են ամէն տեսակի զօրակցութեան, երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան, որովհետեւ՝ անոնց ծննդաբերութեամբ, սերունդներ կը կազմուին, ընտանիքներ կ'առաջանան, որոնց հիմնական սիւներն են իրենց տածած մնայուն կրթութեամբ ու խնամակալութեամբ, հանդէպ հոգեհատորներն ու սիրասունները:
Ահա թէ ինչո՛ւ, մայրերը կը մեծարուին յատուկ արարողութիւններով ու տօնախմբութիւններով, համատարած օր մը նուիրելով անոնց, միջազգային մակարդակներով, որոնց մէջ՝ հայկականը:
*
* *
Միութեան վարժարաններու աշակերտութիւնը եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս իւրայատուկ օրուան նշումին, գեղարուեստական յայտագիրով:
Արդարեւ, 24 Մայիսին, գեղեցիկ ու տպաւորիչ պահեր ապրեցան ուսուցիչները, աշակերտութիւնը ճոխ յայտագիր մը հրամցնելով, գործնապէս ապացուցելով իրենց սէրն ու համակրանքը իրենց մայրերուն նկատմամբ:
Յայտագիրը կը բաղկանար՝ ասմունքէ, պարէ, խմբերգէ, նուագէ, երգէ, բոլորն ալ նուիրուած հայ մօրը, ոգեկոչելով անոր դերակատարութիւնը ու ներգործութիւնը ընտանիքէն ներս, հետեւեալ շարքով ու հերթականութեամբ.
1 Ասմունք «A Mother’s Day» Դ. դասարան
«My Mother»
«Մօր Ժպիտը»
2 Պար «The Cup of Life» Կոկոն դասարան
3 Ասմունք «Մայր» Կոկոն դասարան
4 Խմբերգ «Maman Je T’aime» Դ. դասարան
«You’re My Mom»
5 Պար Լարա Սահակեան
6 Ասմունք «Մայրերու Օր» Ա. դասարան
«Happy Mother’s Day»
7 Նուագ «Ode to Joy» Marching Band Students
Symphony # 9
8 Ասմունք «كلمات عن الأم» Ե. դասարան
«أمي»
9 Երգ «Մարտիկի Երգը» Մարիա Կարապետեան
10 Պար Gymnastic Սէնտի Սիմոնեան
Տեսիլ Ապաշեան
11 Երգ «Իմ Անուշ Մայրիկ» Կայէլ Զօպոյեան
12 Պար Ալեքսիա Արթին
13 Նուագ «Little Hazelnut Tree» Բ. դասարան
Romania
14 Ասմունք «Մայր Իմ Անուշ» Մարալ Կիրիթլեան
Համաստեղ
15 Պար «Քամի Քամի» Մելինա Շամլեան
16 Սրտի Խօսք Պրն. Արա Վասիլեան
Թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական ու խմբային կատարումները, արդէն իսկ ցոյց կու տան նիւթերու ընտրութեան շահեկանութիւնը ու բովանդակութիւններու զանազանութիւնը, ուր ՄԱՅՐը կը հանդիսանար կիզակէտը, շնորհալի աշակերտներու կողմէ և աշակերտական մատուցումներով (հայերէն, արաբերէն, անգլերէն լեզուներով):
Զգալի էր մասնակից աշակերտներէն իւրաքանչիւրին խանդավառութիւնը իր մօրը նշանաւորելու ու պատուելու պատրաստակամութեամբ, գիտակցելով անփոխարինելիութիւնը ու հարազատաշէնութիւնը իր կեանքին մէջ:
Ունկնդիր աշակերտութիւնը եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ ծափողջոյններով, մթնոլորտը յիշեցնելով որ իրենք եւս կը տօնեն մայրերու օրը, նոյն մայրասիրութեամբ ու հաւատարմութեամբ:
Անկասկած, գնահատելի և ողջունելի էր հայ մօր նուիրուած այս միջոցառումը, մեծարելով զայն, անկեղծ արտայայտութիւններով ու զգացումներով:
Տնօրէնը՝ Պրն. Արա Վասիլեան, ինք եւս արժեւորեց հայ մօր վերապահուած դերը: Նաեւ յայտագրին մաս կազմողները, պահանջելով որ աշակերտութիւնը տուն վերադառնալով, առաջին գործը ըլլայ մօրը համբուրելու ու շնորհակալութիւն ըսելու, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով այն ուսուցչուհիներուն, որոնք այս ատենամարզանքի յաջողութեան նպաստեցին: