Մանկապարտէզի աշակերտները երգերով, արտասանութիւններով եւ գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներով պատուեցին իրենց մայրերը՝ Մայրերու Տօնին առթիւ:
ՄԱՅՐ
Մայր իմ քնքուշ, սիրելի,
Տօնիդ համար ցնծալի,
Կը նուիրեմ ես այսօր,
Քաղած վարդերս աղուոր:
Դուն կը հսկես վրաս արթուն,
Կ’ըլլաս ընկեր իմ խաղերուն,
Մայր իմ անուշ ու բարի,
Լաւագոյն մայրն ես աշխարհի: