«Բռնութիւն-Խաղաղութիւն» (Զեկուցում-Քննարկում)

Mon, 13 Jun 2022

Գործնական-փորձագիտական հաւաքները  վերի կարգերու մասնակցութեամբ, կը շարունակուին աշակերտութեան մատուցել հնարքներ ու միջոցներ, աւելի խորացնելու ու լուսաբանելու այն մարզերուն մէջ, որոնք զինք կրնան առաջնորդել կամ պատրաստել աւելի կայուն ու վստահելի ապագայի մը:

Զուգահեռաբար, նման միջոցառումները շատ աւելիով կ'արդիւնաւորուին, երբ աշակերտութիւնը կը զինուի նորագոյն փորձառութիւններով ու տեղեկութիւններով, որոնք կ'օգնեն զինք ծանօթանալու աշխարհաքաղաքական տարբեր զարգացումներու, ինչպէս՝ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տեղաշարժերը ու հոլովոյթները, իրենց վայրագութիւններով ու լաւատեսութիւններով:

Այս, առումով, հետաքրքրական և այժմէական նիւթ մըն էր՝ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ» մասին կազմակերպուած սեմինարը, որ տեղի ունեցաւ 31 Մայիս 2022ին, ՀԲԸ Միութեան Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ տնօրէնութեան, ուսուցչութեան և 10-11րդ դասարաններու աշակերտութեան:

Այս հաւաքը կազմակերպուած էր, «New Gen Peacebuilders» կազմակերպութեան կողմէ, որուն համար հրաւիրուած  էին՝ Ֆարահ Զէյնըտին, Ժատ Շահրուր, օգնականութեամբ մեր փայլուն շրջանաւարտուհիներէն՝ Վանա Մխսիճրճեանի, որոնք յաջողութեամբ վարեցին հանդիպումը՝ ստեղծելով ջերմ մթնոլորտ մը:

«Բռնութիւնը և խաղաղութիւնը», այսօր, աշխարհի մէջ մնայուն օրակարգեր են, որոնք կը կիրարկուին առաւել կամ նուազ չափանիշներով, իրենց բերած պատուհասներով թէ օգտակարութիւններով:

Այս առընչութեամբ, ինչպէս պատասխանատու զեկուցողները հարցադրեցին, բռնութիւնը ուրկէ՞ կը սկսի, ինչո՞ւ և ի՞նչ արդիւնքի կը հասնի, նաեւ փոխարէնը՝ խաղաղութիւնը, ինչպէ՞ս կը կիրարկուի և ինչի՞ կրնայ յանգիլ, երբ աշխարհը ողողուած է պրկուած հակադիր իրավիճակներով:

Հարցադրողները, աւելի գործնամէտ ըլլալու նպատակով, իրենց զեկուցումներուն դիտարկումներուն մէջ եղան առարկայական, կեդրոնանալով յատկապէս Լիբանանի վրայ, որուն անդրադառնալու համար, քաղաքական-ապահովական-տնտեսական պայմանները կրնային աւելի խօսուն դառնալ, կենդանի օրինակներ տալով կամ ցուցաբերելով՝:

Փոխադարձ բացատրութիւններուն ու պարզաբանումներուն լոյսին տակ, աշակերտութեան հարցապնդումներով ու հարցումներով, պարզուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ, բռնութիւնները և ապահովութեան գործօնները եւս կը գտնուին հակառակ բեւեռներու վրայ, սակայն, այդ բոլորէն դուրս գալու փրկութիւնը, առաջինին զսպուածութիւնն է, երկրորդին ալ՝ տարածումը, Լիբանանին համար ըլլալով լաւագոյն ելքը և արդիւնքը, ինչպէս պարզուեցաւ զրոյցներուն ընդմէջէն:

Այս բոլորը աւելի հասկնալի ու գործադրելի դարձնելու համար, պատասխանատուները կենդանի պատկերներու և փորձերու դիմեցին, աշակերտներուն մասնակցութեամբ, աւելի հետաքրքրութիւն ու շահեկան դարձնելով հանդիպումը:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, ապա, գոհունակ մեկնում, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ:

Peacebuilding Workshop 1.JPG
3.6 MB
View
Peacebuilding Workshop 2.JPG
3.9 MB
View
Peacebuilding Workshop 3.JPG
3.9 MB
View
Peacebuilding Workshop 4.JPG
3.9 MB
View
Peacebuilding Workshop 5.JPG
3.7 MB
View
Peacebuilding Workshop 6.JPG
4.2 MB
View
Peacebuilding Workshop 7.JPG
4.1 MB
View

Name
Title
Comment