ՀԲԸՄի Վարժարաններէն ներս, Ֆրանսերէնը կը դասաւանդուի Մանկապարտէզի դասարաններէն սկսեալ, եւ մեր աշակերտները տարեկան դրութեամբ կը մասնակցին Ֆրանսերէնի DELF միջազգային քննութիւններուն:
Այս տարի, ՀԲԸՄի Վարժարաններու Երկրորդական կարգերու սաներ՝ Թաթիանա Ֆայսալը, Պերճ Կէօքճեանը, Կարէն Պաղսարեանը եւ Մարալ Կիրիթլեանը, Պէյրութի Ֆրանսական Մշակութային Կեդրոնին մէջ, 17 եւ 18 Մայիսին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերին այդ քննութիւններուն: