Ամրակուռ Եւ Աշխոյժ Գոյերթով

Thu, 22 Oct 2020

Անսովոր կրթական տարեշրջանի մը հրաժեշտ տալէ ետք, ահաւասի՛կ, նոր տարեշրջան մը մեկնարկ առած է:

Անյուսահատ ճիգերով, անտեղիտալի կամքով և անզիջող վճռակամութեամբ, հայ դպրոցը կանգուն պահելու ու հայ աշակերտը ուսումնական մթնոլորտով դաստիարակելու գնով, իւրաքանչիւր կրթական կառոյց ու պատասխանատուներ, յանձն առին, անշեղօրէն և անխախտօրէն, մնալու պատնէշի վրայ:

Դժուարութիւննե՞ր, բարդութիւննե՞ր, անհարթութիւննե՞ր, անհաշիւ և անսահման, սակայն հիմնականը, այդ բոլորին նկատմամբ զգաստ ու պատրաստակամ տրամադրութիւններն են, ծրագրաւորումները, նախաձեռնութիւններն ու կազմակերպչականութիւնները:

Ի տես այն հաւանականութիւններուն, որ տիրող անորոշ վիճակը կրնար երկարիլ, միակ ելքը յարմարիլն էր և այդ ոլորապտոյտէն դուրս գալու միջոցներ փնտռելու ուղիները, ընտրելով կրթական կեանքը աշխոյժ պահելու առիթները, օգտագործելով արդի արհեստագիտական առաւելութիւնները ու զանոնք գործի լծելու հնարքները:

*

*     *

ՀԲԸ Միութիւնը, թէ՛ տարիներու ուսանելի փորձառութեամբ, թէ՛ իր առաքելութեան օրինակելի հաւատարմութեամբ, լիբանանեան տագնապող օրերու առաջին օրերէն իսկ, ամբողջական պատասխանատուութեամբ ու գործնական ձեռնհասութեամբ, իր ազգային, միութենական, կրթական ու բարեսիրական պատասխանատուութիւններու գծով, եղաւ առաջնակարգ դրօշակակիր մը:

Այլընտրանք կ'ակնկալուէ՞ր ՀԲԸ Միութենէն, ա՛յն համայնական ազգանուէր և ազգաշէն կազմակերպութենէն, որ հիմնուեցաւ ու գործեց, իր ծնունդէն ի վեր, իր ժողովուրդին կարիքները հոգալու, ֆիզիքական ու բարոյական, նիւթական և ընկերաբանական շահերը պաշտպանելու, իրերայաջորդ սերունդներու կրթութիւնը ու դաստիարակութիւնը ապահովելու:

Այս պայծառ իրականութեան ու հրամայականութեան դիմաց, երբ Լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէր բազմատեսակ ու բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ, աւելի քան բնական էր, որ Միութիւնը ստանձնէր իր առաջնորդողի ու կազմակերպողի դերը, առաջին հերթին կրթական ցանցը վերակենդանացնելու, դպրոցական վարչակարգը տնօրինելու, ուսումնառական գործընթացը յաջողցնելու համար:

Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովի հովանաւորութեամբ, Կրթական Յանձնախումբի գլխաւորութեամբ, Միութեան վարժարաններու տնօրէնութիւնը, գործակցութեամբ ուսուցչակազմին, նոր տարեշրջանի նախօրեակին, հետեւողականօրէն, ներդաշնակօրէն ու ժրաջանօրէն, յաջորդական թէ պարբերական խորհրդակցութիւներով, նոր տարեշրջանի ուսումնական աշխատանքներուն նախագիծը պատրաստեցին, հետեւեալ մասնաբաժանումներով.

ա. Առցանցային դասաւանդման պարագային (որ աւելի հաւանական էր), ինչպիսի՞ դրութիւն մը որդեգրել, աւելի ձեռնտու ըլլալու և աւելի հեզասահ ընթացք մը ունենալու համար:

բ. Կրթական ծրագիրները ի՞նչ սկզբունքով ու հեռանկարով ընդգծուելու են և ի՞նչ չափանիշերով դրսեւորելու, որպէսզի ուսումնական ծրագիրը անխափան գործէ:

գ. Իւրաքանչիւր ուսուցիչ, հիմնուելով իր դասանիւթի ծաւալին ու կարեւորութեան վրայ, ըստ այնմ, ծրագրէ ու թուանշէ ուսման իր յայտագիրը:

դ. Դասաւանդումը, առցանցային թէ դասարանային, ըլլայ համակարգուած, համադրուած ու համատեղուած, ուսումնասիրուած ու սերտուած հիմունքներով:

ե. Տնօրէնութիւն – ուսուցչակազմ – աշակերտութիւն – ծնողք յարաբերութիւնները հիմնուած ըլլան հասկացողական ու համագործակցական տուեալներով, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան լրիւ մասնակցութեամբ:

2020-2021 տարեշրջան մուտքը, աւելի հիմնաւոր և արդիւնաւոր դարձնելու հաւատքով, Միութեան վարժարանները իրենց դպրոցական ուսուցման ձեռնարկեցին, մեծ խանդավառութեամբ, գովելի տեսլապաշտութեամբ և անխառն կառչածութեամբ:

Վարժարաններուն տնօրէնութիւնը, յանձինս՝ Պրն. Արա Վասիլեանի անսպառ ջանադրութեան, անմնացորդ նուիրուածութեան, անհատնում հետեւողականութեան, իր կողքին ունենալով, պարտաճանաչութեամբ, ճշդապահութեամբ և յանձնառութեամբ տոգորուած ուսուցիչները, համախումբ աշխատանքներով, դէպի կրթական մարզ ուղղուելու կարելիութեանց զարկ տուին:

Ազդանշանը տրուած էր կրթական վերամուտին, ի հեճուկս առողջապահական (համաճարակային), տնտեսական, ապահովական թէ քաղաքական ապակայունութիւններուն, այդուհանդերձ, մեր աշակերտները ողջունեցին դէպի դպրոց ուղղուելու նպատակային ընտրանքը, հոգ չէ թէ՝ այս հանգրուանին, ան ըլլայ առցանցային թէ դասարանային, յուսալով որ կու գան աւելի բարեբեր օրեր:

ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի ղեկավարութիւնը քաջ գիտակցելով հայ ծնողներու նիւթականութեան պայմաններու անբաւարարութեան ԱՌԱՋԻՆԸ եղաւ, որ յայտարարեց, թէ իր վարժարաններու կրթաթոշակները անվճար են, այս ձեւով սատար հանդիսանալով կարիքաւորներուն և՝ յօրինակ այլոց:

Այսօր, Միութեան վարժարանները կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը, քիչ մը ծանր, քիչ մըն ալ պրկուած պայմաններու մէջ, բայց, ատոնք պատճառ չեն, որ հայ դպրոցը և հայ աշակերտը մնան անտէր կամ անխնամ, որովհետեւ Բարեգործականը կը գիտակցի իր ազգային պատասխանատուութեան լրջութեան ու խորապէս կը միտի զօրավիգ կանգնելու իր նոր սերունդին դաստիարակչական գործին, չզլանալով որեւէ ձեւով և որեւէ պարագայի օգնելու անոր, իր կարելիութեանց ներած առաւելագոյն օգտակարութիւններով ու բարեգործութիւններով:

Այսօր, ինչպէս երէկ (նաեւ ապահովաբար վաղը), ՀԲԸ Միութիւնը քիչ մը ամէն տեղ, ամէն առիթով և ամէն կարիքով, ամենուրէք  է, որովհետեւ ան կը մնայ իր ազգային ինքնութեան, պատկանելիութեան ու գոյութեան հարազատ ու ջինջ կրողը, իր կրթած սերունդները հանդիսանալով անոնց լաւագոյն գրաւականները:

Փա՞ստը այդ ճշմարտութեան.

- Մեր լուսափարոս վարժարանները

- Մեր լուսապայծառ սերունդները

- Մեր լուսավառ ազգակառոյցները

- Մեր լուսաշող աւանդոյթները

- Մեր լուսասփիւռ հաւատամքները

Միութեան վարժարաններու գոյերթը սկսած է ու շարունակուելու է, թէկուզ ոչ-սովորական պայմաններու մէջ, բայց, անպայման իրագործելու  համար մեր երազանքները՝ կրթական, միութենական, հայրենասիրական թէ ազգային ուղիներով:

Պ. Ա.


Name
Title
Comment