Առցանցային Զեկուցում՝ Արցախի Մասին - Զեկուցող՝ Պրն. Շիրազ Ճերեճեան

Wed, 2 Dec 2020

Արցախեան հարցը, իր գոյամարտով և յետագայ զարգացումներով, մանաւանդ Շուշիի և յարակից շրջաններու ճակատագրուած դաժան ու տխուր հետեւանքներով, կլանած է ամբողջ հայութիւնը:

Տագնապը ընդհանուր էր, մտահոգութիւնը՝ համատարած, ցաւը՝ աննկարագրելի:  Իւրաքանչիւր հայ, ո´ւր որ ալ գտնուէր, ի´նչ պատկանելիութիւն ալ ունենար, առանց տարիքի սահմանափակութեան, կը հետեւէր Արցախին պարտադրուած ճնշումներուն, շրջափակումներուն և անոնցմէ առաջացած մարդկային և ընկերային հարուածներուն:

ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու աշակերտութիւնը եւս Արցախեան մթնոլորտին մէջ կը գտնուէր և, հետեւաբար, կարօտ՝ յաւելեալ բացատրութիւններու ու լուսաբանութիւններու, աւելի մօտէն ծանօթանալու ոչ միայն անցուդարձերուն ու տեղաշարժերուն, այլեւ՝ անոր կարգավիճակային հոլովոյթներուն ու հաւանական դրսեւորումներուն:

Արդ, նկատի ունենալով, որ ցարդ կարելի չէր ներդպրոցային պայմաններու մէջ ատենամարզանքներ կազմակերպել, Տնօրէնութիւնը գործնական գտաւ դիմել առցանցային դրութեան, «զում»ական կարգով աշակերտութիւնը իրազեկ դարձնելու Արցախեան հարցի մանրամասնութիւններէն:

Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020, յետմիջօրէի ժամը 5:00-6:30ին կանխօրօք աշակերտութիւնը տեղեակ պահելէ ետք (9-12 դասարաններ), կայացաւ նման հեռակայ հանդիպում մը, որուն անհամբեր կը սպասէր աշակերտութիւնը:

Այս առընչութեամբ, հրաւիրուած էր մեր յառաջադէմ շրջանաւարտներէն՝ Շիրազ Ճերեճեանը, որ՝ լիբանանահայ կեանքին մէջ, իր լրագրական, ուսուցչական ու փորձառական ասպարէզներէն ներս, լաւագիտակ ու հետեւողական դիտորդ մըն է, ազգային, գաղութային ու հայրենական հիմնախնդիրներուն նկատմամբ:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, օրուան նիւթին մասին հակիրճ մուտքէ մը ետք, կարեւորեց նման ձեռնարկներու յաճախակի կրկնութեան ուսանելիութիւնը, ապա, ներկայացուց զեկուցողը:

Պրն. Ճերեճեան, յիշելէ ետք Արցախեան գոյավիճակի ազգային աշխարհագրական ու տարածքային դրուածքին մասին իր պատկերացումներուն ու տեղեկութիւններուն էութիւնը, հանգամանալի և ընդգծելի մէջբերումներով, ներկայացուց Արցախը յուզող խնդիրները, իրենց զինուորական, պատերազմական ու հակամարտական տուեալներով:

Իւրաքանչիւր տեղաշարժի մասին, ինքնապաշտպանական թէ յարձակողական, ան զեկուցեց՝ հասկնալի ու հաղորդական ոճով, կրցաւ թէ´ նիւթը մատուցել, թէ´ ճակատող կողմերուն առաւելութիւններն ու թերութիւնները և թէ´ այս բոլորին ազդեցութիւնները, իրենց դրական թէ ժխտական երեսներով:

Այս բոլորը աւելի կենդանի ու տեսանելի դարձնելու համար, զեկուցումին ամենէն օգտաբեր մասը հանդիսացաւ, երբ ներկայացուեցան ու տեսերիզուեցան քարտէսներ, ուր ուրուագծուած էին սահմանային գիծերը, ներքին թէ շրջակայ քաղաքներով ու գիւղերով, եկեղեցիներով, սրբատեղիներով, յուշարձաններով, հանրային կեդրոններով ու վայրերով, այս բոլորին մասին տրուելով համապատասխան բացատրութիւններ:

Այս մասին նաեւ շահեկան տեղեկութիւններ ու քաղաքական լրացումներ կատարեց դասատու Պրն. Պարոյր Աղպաշեան, որուն յաջորդեցին աշակերտութեան հարցումները, որոնց գոհացուցիչ պատասխաններ տուաւ զեկուցողը:

Վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Պրն. Ճերեճեանին, այս շահեկան, այժմէական ու հրատապ զեկուցումին համար, որ արժանի նկատուեցաւ գնահատանքի, յուսալով կրկնել նմանօրինակ նիւթերով ձեռնարկներ:

shiraz 2.jpg
226 KB
View
Shiraz 3.jpg
114 KB
View

Name
Title
Comment