«Թարգմանչաց Տօն»ը ի Պատուի

Fri, 22 Oct 2021

Հայ ժողովուրդի ազգային տօներուն մէջ, որպէս առաջնային և արժեչափային երեւոյթ, բազմաթիւներու շարքին, ամենէն նուիրականը կը նկատուի «Թարգմանչաց տօն»ը, իր բարեբերութեամբ և օրինակելիութեամբ, իմաստասիրութեամբ և օգտաշատութեամբ, դառնալով անոր գոյութեան հիմնական յատկանշելիութիւններէն մէկը:

Հայերէնագիտութեան մեր ուսուցիչները, անկախաբար իրենց ընթացիկ դասաւանդութիւններէն, միշտ ալ շեշտը դրած են այս տօնին կարեւորութեան և ուսանելիութեան վրայ, ամէն ատեն որ առիթը ընծայուի, ատենամարզանքներու ընթացքին թէ անկէ դուրս:

Հինգշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2021ին, Միութեան վարժարաններու աշակերտութիւնը համախմբուած էր դպրոցի շրջաբակին մէջ, ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ ու ներկայութեամբ նշելու այս տօնը, ուր ցուցատախտակներու վրայ գեղազարդուած էին՝ ԱԲԳը, թարգմանիչները ու զանոնք յուշող արձանագրութիւններ:

Լիբանանի ու ՀԲԸ Միութեան քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, աշակերտուհի Մարալ Կիրիթլեան (10րդ դասարան), լաւագոյն ձեւով ներկայացուց պատմական այս տօնին խորհուրդը և անոր կառչած մնալու ազգային անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետեւ, սկիզբ առաւ աշակերտական գեղարուեստական յայտագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին դասարանային խմբակներ, իրենց հոգեպարար դերակատարութիւններով,  արտայայտութիւններով և երեւումներով, ուր՝ աշակերտական երանգն ու անկեղծութիւնը, սրտամօտիկութիւնն ու պարզութիւնը ակնյայտ էին և ցոյց կու տային անոնց մանկունակ ոգիներուն անբասիրութիւնը և նուիրուածութիւնը:

Յայտագիրը արդէն կը հաստատէ, որ աշակերտութիւնը ինչպիսի բովանդակութեամբ և ոգեւորութեամբ պատրաստուած էր այս տօնին ոգեկոչման,  շնորհիւ իր ուսուցչուհիներուն՝ Հայարփի Ճերեճեանի, Մանուշակ Ալեքսանեանի, Մեղեդի Քեսապլեանի և Վարիա Ճունթոյեանի, բծախնդիր ու հետեւողական ճիգերուն:  Անոնք՝ արտասանութեամբ, պարով, խմբերգով թէ ընթերցումով, ոչ միայն ճոխացուցին  յայտագիրը, այլեւ արժանին մատուցանեցին «Թարգմանչաց տօն»ին յիշատակութեան: 

Ահաւասիկ յայտագիրը.

Արտասանութիւն - «Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն» - Զ. դասարան

Պար - «Չինարի» (Կոմիտաս) - Շանէլ Էլսուէյտի

Արտասանութիւն - «Իմ Հայ Լեզու» - Գ(Ա) դասարան, «Մեսրոպ Մաշտոցին» - Գ(Բ) դասարան

Արտասանութիւն - «Հայերէն» - Ե. դասարան

Խմբերգ - «Իմ Մայր Լեզու» - Ե. դասարան

Արտասանութիւն - «Գիրքը» - Բ. դասարան

Արտասանութիւն - «Այբուբեն Հայոց» - Դ. դասարան

Պար - Ժանէթ Ճունթոյեան

Արտասանութիւն - «Հայոց Լեզուն» - Է. դասարան

Ընթերցում - «Գովք Այն Լեզուին Որով կը Խօսինք» - Թ. դասարան

Պար - «Բարի Օր» - Ա. դասարան

Յիշենք որ՝ Ա. դասարանի «համովիկ»ները, իրենց պարային ու շարժուձեւային գրաւիչ արտայայտութիւններով, յատուկ երանգ տուին տօնակատարութեան, խանդավառելով ամբողջ աշակերտութիւնը և ուսուցչակազմը:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, խիստ գնահատելի գտաւ, այս դժուարին ու պրկուած պայմաններուն մէջ, «Թարգմանչաց տօն»ին մեծարումը և  անոր նուիրուած աշակերտական այս քաջալերելի նախաձեռնութիւնը, լաւագոյն արտայայտութիւններով ու մասնակցութիւններով, նաեւ շնորհաւորելի՝ ուսուցչուհիներուն բերած նպաստը և օժանդակութիւնը, ստեղծելով նման ոգեշնչելի հայրենահունչ ու գողտրիկ մթնոլորտ մը:


Name
Title
Comment