«Ռոթըրի»ի Կրթանպաստ Նուիրաբերում. Գլխաւորութեամբ՝ Նախագահուհի Տիկ. Սոնա Գուրդեան-Տօնիկեանի

Wed, 10 Nov 2021

Այս օրերուն, երբ Լիբանանը կ'անցնի առողջապահական, տնտեսական, ապրուստային և ընկերային աննախընթաց տագնապներէ, որքան մխիթարական ու նոյնիսկ քաջալերական են այն օժանդակութիւնները, որոնք կը մատուցուին բարեգործական, խնամակալական ու հոգատարական հաստատութիւններու կողմէ, ներլիբանանեան թէ արտլիբանանեան աղբիւրներէ:

Լիբանանահայութիւնը եւս կ'ապրի այդ դաժան պահերը, սակայն, շնորհիւ իր անկոտրում կամքին, հանդուրժողական ոգիին և ընդհանրապէս հաւաքական տոկունութեան, ան կը փորձէ դիմագրաւել մարտահրաւէրները, մանաւանդ ի տես իր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, մարմիններուն ու շրջանակներուն, որոնք առաւելագոյն ճիգերով ու նպաստներով զօրավիգ կը կանգնին իրենց համայնքներու կարօտեալ զաւակներուն և ընտանիքներուն:

Այս պարագային, թերեւս ամենէն աւելի անհրաժեշտութիւնը կայ տէր կանգնիլ մեր վարժարաններուն, որովհետեւ անոնք են լուսաւոր հնոցները, որոնցմով մեր նոր սերունդները պիտի կոփուին ու ջամբուին, կրթուին ու դաստիարակուին ազգային շունչով, քաղաքացիական պատասխանատուութեամբ ու մարդկային արժանիքներով:

*

*     *

Ուրախ ու հպարտ պէտք է ըլլալ, որ Միութեան վարժարանները, իրենց ուսուցչութեամբ և աշակերտութեամբ, յատուկ ուշադրութեան ու կարեւորութեան կ'արժանանան, շնորհիւ անոնց ղեկավարութեան ու կրթական պատաասխանատուներուն, որոնք ամէն գնով կը սատարեն անոնց բարօրութեանց, արժանապատիւ վերաբերմունքներով:

Աւելի քան բարացուցական է, որ մեր վաղեմի թէ նոր բազմաթիւ շրջանաւարտներ, ոչ միայն չեն զլանար, այլեւ սրտաբուխ և օգտաշատ ներդրումներով զօրավիգ կը կանգնին իրենց վարժարաններուն, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ անոնք կառչած կը մնան իրենց դաստիարակչական օճախներուն, երախտապարտ են զիրենք սնուցանող ու խնամող կողմերուն, հետեւաբար, անվարան համոզմունքով, իրենց լիաբուռն մասնակցութիւնները բերելու անոնց բարելաւման ի խնդիր:

*

*     *

Այսպիսի բազմաթիւ օրինակներու շարքին, յատկանշական է նշել, որ Միութեանս Դարուհի Յակոբեան վարժարանի փայլուն շրջանաւարտներէն՝ Տիկ. Սոնա Գուրդեան-Տօնիկեան, ազնուութիւնը ունեցած է, իր Միութեան ու վարժարաններուն օգտակար ու գործնական նուիրաբերումով մը հանդէս գալու:

Տիկ. Սոնա Տօնիկեանը, որ այժմ ձեռնահասօրէն կը վարէ բարեսիրական եւ մարդասիրական «Ռոթըրի Գլապ Պէյրութ Գոզմոփոլիթըն» կազմակերպութեան նախագահի պաշտօնը, Տնօրէնութեան հետ կապ հաստատելով, իր մտայղացումը ու պատրաստակամութիւնը յայտնած է, անպայման միջոցառումով մը, իր «լուման» բերելու իր վարժարանին, ուրկէ ան շրջանաւարտ եղած է, ազգային ու գիտելիքային հարուստ բազմաշնորհութիւններով, որոնցմով հպարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունի:

Եւ այսպէս, Տիկ. Սոնա Տօնիկեանը, Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2021ին, իր պաշտօնակիցներուն հետ՝ Տիկ. Ռանա Ղանտուր-Սալհապի եւ Ճօ Պուլոսի  կը ժամանէ վարժարան, ուր հանդիպում կ'ունենայ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին հետ, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետուհի Տիկ. Արտա Եանըքեանի, ընկերակցութեամբ անդամներ՝ Տիկ. Սինթիա Մենտիլեանի, Պրն. Մայք Կիրիթլեանի ու տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեանի, ուր՝ պատշաճ հիւրասիրութեան մը կողքին, պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ իր գլխաւորած հաստատութիւնը, գնահատելով Բարեգործական վարժարաններու կրթական գործը, իրենց յաջողութիւններով և յառաջդիմութիւններով, կը նուիրէ 30 «լէփ-թոփ»եր (Տրամադրուած՝ «Տիլոյթ» ընկերութեան կողմէ)   և 24 «Այ-փէտ»եր վարժարանին և աշակերտութեան, առ ի գնահատանք անոնց առաւել բարելաւման ու բարգաւաճման, դէպի աւելի յուսատու ու պայծառ ապագայ:

Փոխադարձ շնորհակալական խօսքերէն ետք, ուր Տիկ. Սոնա Տօնիկեանը, իր ամբողջական տրամադրուածութիւնը ու պատրաստակամութիւնը յայտնեց իր առաքելութեան ծիրին մէջ ինկող այս արժանավայել նուիրումին համար, խոստանալով, մի՛շտ, երբ առիթը ընծայուի, իր գործնական աջակցութիւնը բերելու իր հարազատ կրթօճախին:  Ապա, Կրթականի պատասխանատուներն ու տնօրէնութիւնը իրենց անհուն շնորհակալութիւնը յայտնեցին, որ իրենց նախկին սանուհին, այժմ՝ յանձնառու պատասխանատուն, արժանին կը հատուցանէ իր վարժարաններուն գոյակեցութեան և յարատեւութեան:

Տարակոյս չկայ, որ Տիկ. Սոնա Տօնիկեանի բարի և ոգեւորիչ օրինակները կը մնան միշտ ի պատուի, յանուն վարժարաններուն պահպանումին և յարատեւման, նոր սերունդներու յաջորդականութեամբ ու ժառանգութեամբ:


Name
Title
Comment