Դպրոցներէն-Համալսարաններէն Բարձրագոյն Ոլորտ. Համաշխարհայինէն՝ Նոպէլեան. Մրցանակակիր՝ Արտեմ Փաթափութեան

Wed, 10 Nov 2021

Հայ դպրոցը միշտ գտնուած է իր արժանի բարձունքին վրայ, ոչ միայն ուսման բարձր մակարդակով, այլեւ՝ ազգային սերունդ պատրաստելու իմաստով:

Դպրոցը, տակաւին հին ժամանակներէն, Ուսուցչապետ Մեսրոպ Մաշտոցի օրերէն, որպէս ուսումնարան, յատուկ տեղ գրաւած է հայ ժողովուրդի պատմութեան, կենցաղին ու կեանքին, մտապատկերին և աշխարհայեացքին, սերնդապատրաստութեան և ազգակերտման մէջ, իւրայատուկ նշանակութիւն ունենալով:

Պատահական չէ որ, հայ մտքի այդ փարոսը, միշտ ալ կիզակէտային ուշադրութեան արժանացած է հայ ժողովուրդի լուսաւորիչներէն, որովհետեւ անոր մէջ տեսնուած է յոյսը և ապագան նոր սերունդներու հասունացման ու դաստիարակման գործին, ուր կը ձեւաւորուի ու կ'արժեւորուի հայը որպէս իր ինքնութեան կրողը, իսկ մարդը՝ որպէս համաշխարհային ընտանիքին փայլատակող անձը:

Դարերու ընթացքին, դպրոցը ոչ միայն գոյատեւեց, այլեւ աւելի պայծառացաւ ու հզօրացաւ, իր առաքելութեան տալով նոր որակ ու լիցք, քանի անիկա, դրոշմուած և արտայայտուած սլացքով, եղաւ այն անփոխարինելի կռուանը, ուրկէ կը կերտուին իրերայաջորդ լուսամիտներ:

Հայ ժողովուրդի պարագային, մանաւանդ սփիւռքահայութեան, դպրոցը յաւելեալ ճառագայթում մը ունէր, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, անոր ճամբով վերապրելու ու վերապրեցնելու իր զաւակները, զանոնք զինելով.

Ազգային գիտակցութեամբ

Քաղաքացիական յանձնառութեամբ

Գիտելիքային պաշարներով

Ուսման զարգացումներով

Մարդկային արժանիքներով

Ամբողջական պատասխանատուութիւններով հայ դպրոցները գործեցին, պատրաստեցին, մշակեցին և արտաբերեցին՝ սերունդներ, որովհետեւ համապատասխան կողմեր հաւատացած էին իրենց առաքելութեան, առաջին հերթին, շեշտը դնելով այս մարզին վրայ:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, իր հիմնադրութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը նկատեց, այլ բնագաւառներու զուգահեռ, հայ կրթարաններու հիմնումը, որպէսզի հայ աշակերտը համալրուի ուսման ու դաստիարակման ներուժերով, հոն տեսնելով իր գոյութեան և յաջողութեան գրաւականները:

Իր մանկապարտէզներով, նախակրթարաններով, միջնակարգերով և երկրորդականներով, հայագիտական հիմնարկով, Բարեգործականը եղաւ տիրական դրամագլուխ մը, լոյս ու գիտութիւն սփռելով յաճախող ու շրջանաւարտող աշակերտներուն վրայ, իր վարչական ու կազմակերպչական ղեկավարութիւններու ու կրթական մարմիններու հովանաւորութեամբ, ձեռնհաս տնօրէնութիւններու առաջնորդութեամբ ու մանաւանդ վաստակաւոր ուսուցիչներու փորձագիտութեամբ և արժանաւորութեամբ, իրենց դպրոցները դարձնելով՝ բարձր մակարդակներու, որակեալ հունձքերու և ընդհանրապէս բարձրաթռիչք իրագործումներու ամբողջական պատուանդանի մը:

Իրենց հայեցիութեամբ, ազգակրթութեամբ, հայրենասիրութեամբ, ուսումնատուութեամբ ու  մարդակերտութեամբ, այս վարժարանները և անոնցմէ շրջանաւարտները կամ յաճախողները, յետագային իրենց գրաւած բարձր դիրքերով, պատասխանատու պաշտօններով, ձեռք ձգած արդիւնքներով, արձանագրած նշելի տուեալներով, աչքառու ներդրումներ ու դերակատարութիւններ ունեցան (ունին ու կ'ունենան), պարզապէս անոր համար, որ իրենց «մկրտութիւն»ները ստացած էին (ու կը ստանան) Բարեգործականի կրթաշէն և ուսումնատու ոստաններէն ներս:

Աւելի քան ութսուն տարի, Բարեգործականը իր կրթական ցանցերով, ինչպէս այլուր, բայց մանաւանդ Լիբանանի մէջ, եղաւ առաջատար ու մրցունակ, կրթակերտ և արդիւնաւէտ հնոց, ուրկէ վկայուեցան բազմահարիւր արժանաւորներ, երեւելիներ, հեղինակութիւններ և ականաւորներ, որոնք իրենց ժողովուրդին համար դարձան հպարտութիւններ, իրենց բերած նպաստներով, օգտակարութիւններով ու ծառայութիւններով, մինչեւ իսկ օտար շրջանակներու ու պետութիւններու մօտ դառնալով յարգարժան ու շնորհաշատ անձնաւորութիւններ:

Այս բարենշական երեւոյթները ի՞նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ մեր վարժարաններուն կարողական ու կառուցողական արժանիքներուն հաստատումը, այլ կամ օտար դպրոցներէն ոչինչ զիջելով, ընդհակառակը, շատ յաճախ գերազանցելով զանոնք և, ամենէն կարեւորը, ըլլալով յառաջադէմ ու փնտռուած, իրենց ուսումնական բազմատեսակ ու բարձրագոյն յաջողութիւններով:

Վերջին տարիներուն, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անբարենպաստ ու դժուար պայմաններուն, մեր վարժարաններէն բազմաթիւ աշակերտներ, շրջանաւարտ թէ ընթացակարգ, արժանացան մրցանակներու, գնահատականներու, յիշատակութիւններու ու  զօրագիրներու, որովհետեւ միշտ գտնուած են առաջնագոյններու շարքին, վստահաբար, ապագային, իրենց ասպարէզներէն թէ շրջանակներէն ներս, դառնալով նոյնքան՝ նորանոր խոստմնալից և ինքնարդարացնող տարրեր:

Եւ այս բոլոր հպարտառիթ իրողութիւնները (որոնց օրին արձագանգած ենք մեր համացանցային էջերուն ու «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին մէջ), կ'արձանագրուին թէ՛ տեղական համալսարանական միութենական մրցոյթներուն, թէ՛ արտասահմանեան համալսարանական կամ հիմնարկութիւններուն մէջ, բարձր պահելով իրենց վարժարաններէն ստացած ուսումնառութեանց արժեչափերը, ինչպէս նաեւ՝ իրենց հմտութեանց ու կարողութեանց ունակութիւնները:

*     *

Մեր վարժարաններէն (Եր. Տեմիրճեան, Յովակիմեան-Մանուկեան) շրջանաւարտ Արտեմ Փաթափութեանի նոպէլեան մրցանակակրութիւնը, անտարակոյս, հայկական առումով աննախնթաց ու բացառիկ յաղթանակ մըն է, համաշխարհային գիտաշխարհին մէջ:

Շատ բնական և արդար է, որ Արտեմը, իր մտացիութեան ու գիտականութեան կողքին, իր արմատները նետած է ու ծլարձակած՝ Բարեգործականի վարժարաններու երդիքին տակ, իր ուսուցիչներուն շունչով, դաստիարակութեամբ և ուսումնառութեամբ, նաեւ՝ վստահաբար, յուսալով, ապա, հաւատալով, որ իր ամբողջ ուժականութեամբ ու կառչածութեամբ, պիտի շարունակէ իր գիւտարարութիւնը ծառայեցնել մարդկութեան օգտին, թերեւս չպատկերացնելով որ՝ այդքան «կանուխ ու շուտ», պիտի դառնայ համաշխարհային յայտնութիւն մը:

Համայն հայութիւնը, որ անցնող տարուան ընթացքին, ապրեցաւ ու կ'ապրի ահաւոր ողբերգութիւն մը, Արցախեան պատերազմի իր նահատակներով, քանդումներով ու բռնագրաւումներով, ահաւասիկ, աշխարհին նուիրեց նշանաւոր գիւտարար գիտնական մը, որ պատիւ կը բերէ իր ժողովուրդին: 

Արտեմ Փաթափութեանը՝ իր նուաճումներով, կը գօտեպնդէ և կը յուսադրէ, որ՝ հայ ժողովուրդի զաւակները, իրենց ներբերումներով, հաւաստիքը կրնան տալ, թէ անոնք պիտի շարունակեն աշխարհին ցոյց տալ իրենց մարդասիրական և առողջապահական ծառայութիւններով սատարել մարդկութեան բարօրութեանց:

ՀԲԸ Միութիւնը հպարտ է ու լիացած, որ իր ծոցէն ծնած ու սնած բազմաշնորհ սանը՝ Արտեմ, դարձած է անզուգական գիտնական մը, միութենական նստարաններէն անցնելով ու հասնելով համալսարանական-գիտական շրջագիծեր, իսկ այսօր՝ համաշխարհային բեմեր:

Բիւր շնորհաւորանքներ ու բազմանոր գիւտարարութիւններ:

 

Պարոյր Աղպաշեան

                                                                                     

 


Name
Title
Comment