Փորձագիտական-Գործնական Ուսմունք «Աֆլաթուն»եան Կարգով

Fri, 1 Apr 2022

Վերջին քանի մը տարիներուն, ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու տնօրէնութիւնը հետամուտ է իր աշակերտութեան հետ շաղկապուելու և զայն առաջնորդելու դէպի արհեստագիտական ու փորձագիտական դաշտեր, զայն աւելի հաղորդակցելու կեանքի ընտրելի ուղիներուն և անհրաժեշտ մարզերուն հետ:

Այս փորձագիտութիւնը, մեկնելով տիրող պայմաններէն և անոնցմէ առաւելագոյնս օգտուելու պատեհութիւններէն, կ'առաջադրէ, այլեւ կ'ուղղէ նոր սերունդը, գործնապէս և անձնապէս, շարունակելու ծանօթանալ, «Աֆլաթուն»ի կարգով, անոր հնարքներուն, նորութիւններուն, ծալքերուն ու գաղտնիքներուն, որոնք մեծապէս կրնան նպաստել նոր սերունդի մտային ու գիտելիքային զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ, հետեւելու և ըմբռնելու անկէ օգտուելու կարելիութեանց:

Տնօրէնութիւնը ու պատկան պատասխանատուները, համոզուած ըլլալով, որ այս և նմանօրինակ արտադասարանային վարժութիւնները կրնան մեր աշակերտութեան մղել դէպի աւելի ինքնուրոյնութիւն, մտածողութիւն և անհատականութիւն, դիմած են արհեստագիտութեան այս ծրագրին, պատրաստելով ու ծրագրելով սերտողութիւններ ու հրահանգներ, որոնք անպայման կրնան լուսաւորել ու կողմնորոշել իւրաքանչիւր մասնակիցի հասկացողութեան ու  հետեւողութեան տեսադաշտերը:

Այս սկզբունքով ու մեկնարկութեամբ, 11 Մարտ 2022ին, չորրորդ և հինգերորդ պահերը յատկացուեցան, յաջորդաբար, ի մի բերելու 11րդ և 10րդ դասարաններու աշակերտութիւնը, միասնաբար ու հաւաքաբար, լծուելու այս աշխատանքին:

11րդ դասարանին հետ, այս ուղեցուցային պարտականութիւնը ստանձնեց ու վարեց, վարժարաններուս ուսմանց համադրողի պատասխանատու՝ Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեան, որ պատկերաւոր բացատրութեամբ և ոճով, ներկայացուց իր պահուն գլխաւոր նիւթը, որ առնչուած էր իւրաքանչիւր աշակերտի ինք իր մասին ունեցած նկարագրային դիտարկումներուն ու համոզմունքներուն, և թէ՝ ուր կը տանէր ինքզինք և ինչպէս կ'արտայայտուէր, երբեմն լռելեայն շարժումներով, երբեմն ալ՝ հակիրճ խօսքային ակնարկութեամբ, այս բոլորը տեղի ունենալով երեք հանգրուաններով – անձնական, երկրորդական և երրորդ կողմի մը հայեացքով:

Բ. մասը, որ աւելի այժմէական էր ու խանդավառող, իւրաքանչիւր աշակերտ իր կռնակին վրայ պիտի կրէր կպցուած թուղթ մը, որուն վրայ իր դասընկեր-դասընկերուհիները պիտի արձանագրէին այն յատկանիշները (դրական թէ այլ) որոնք ան ունի, առանց գիտնալու թէ ինչ են անոնք և ովքեր գրած են, մինչեւ որ բարձրաձայնուին, որուն լոյսին տակ ենթական ճշդէ, թէ անոնցմէ ո՞ր մէկը իրական է և ո՞ր մէկը՝ ոչ:

Զոյգ փորձերը, աշակերտութեան մօտ յառաջացուցին տեղին ու վարակիչ հետաքրքրութիւններ, ամէն ոք փորձելով ինքզինք տեսնել, անոնց ճիշդ կամ սխալ ըլլալը բացայայտելով:

Յաջորդ փորձագիտութիւնը 10րդ դասարանին հետ էր, զոր վարեց Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, հմտօրէն և անմիջականօրէն, բացատրելով իր ընտրած նիւթին կարեւորութիւնը, ոչ միայն ընդհանրական ծիրերէն, այլեւ՝ հայկական:

Հարցը կը վերաբերէր «կենաց ծառ» ուսմունքին, որ ցոյց կը տրուէր գրատախտակին վրայ, ծառի մը գծագրումով, անոր բաղկացուցիչ մասերով (բուն, արմատ, հող, ճիւղ, տերեւ, լեզու, ինքնութիւն, պտուղ, եւայլն), որոնք կը ներկայացուէին ու կը բացատրուէին իրենց զանազան յատկութիւններով ու բարենիշներով և անոնցմէ բխող (կամ բխելիք) արժեչափերով, մտային, ձեռային, կառուցուածքային, նկարագրային կամ յարաբերային տուեալներով, իսկ ամենէն կարեւորը, այդ բոլորը ո՞ւր, ե՞րբ և ինչպէ՞ս կրնային առնչուիլ աշակերտի մը դատողութեան կամ տեսողութեան հետ, ոչ միայն անձնական մօտեցումով, այլեւ՝ ընտանեկան կամ ժառանգական:

Պրն. Տնօրէնը, ամբողջ «կենաց ծառ»ին էութիւնը ու պատկերաւորութիւնը պերճախօսօրէն տալէն անդին, կրցաւ աշակերտութիւնը կապել այս հարցին գրաւչութեան ու հիմնականութեան, որովհետեւ ամէն ոք իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ, զայն աւելի մօտէն ճանչնալու և իր մտածումներն ու տեղեկութիւնները փոխանցելու, բերանացի թէ գրաւոր արտայայտութիւններով:

Անկախաբար «Աֆլաթուն»եան այս գիտադաստիարակչական ու գործնամէտական մթնոլորտներէն, կ'արժէ յիշել, որ անիկա եղաւ նաեւ հայերէնագիտութեան հաշուոյն ուսանելի և ընդգծելի յաւելեալ փորձառութիւն մը, որովհետեւ՝ ստուգատեսներու ընդօրինակութիւնները մեծ մասամբ եղան հայերէն լեզուով, բառապաշարով թէ եզրաբանութեամբ, պահելով հայոց լեզուի գիտակութեան և իմացութեան պահպանման յատկանիշներն ու բարեմասնութեան արժէքները:

Այս առիթով, Պրն. Տնօրէնը պահանջեց, որ յառաջիկայ պարապմունքներու ընթացքին իւրաքանչիւր աշակերտ, իր հետ բերէ յատուկ թղթակալային պահարան մը, ուր կը զետեղուին իր գրառումներն ու արձանագրութիւնները, յետագային կամ ապագային տեսնելով և ընթերցելով, թէ ատենին ինչպէս բացատրած է կամ բնորոշած իր կարծիքը կամ տեսակէտը, այս կամ հարցին կապակցութեամբ:

*

*     *

Այս նախաձեռնութեան մէջ, անտարակոյս ներդասարանայինը և արտդասարանայինը զիրար կ'ամբողջացնեն, ինչ որ լաւագոյն ապացոյցներէն մէկն է նաեւ այս գօտեպնդիչ երեւոյթը, որուն կը ձգտին Միութեան կրթական պատասխանատուները, նոր սերունդին մօտ առաջացնելով անհատականութեան կազմաւորում ու սեփական միտքերու հասունացում

Aflatoun 1.jpg
149 KB
View

Name
Title
Comment