Ֆապրիանօ Նկարչական Մրցանք

Mon, 13 Jun 2022

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ ՀԲԸՄի Վարժարաններու 9-րդ դասարանի սան Սերժ Թաշճեանը, մասնակցելով Ֆապրիանօ ընկերութեան կազմակերպած նկարչական մրցանքին՝ արժանացաւ յատուկ մետալի եւ համապատասխան մրցանակի:

Մրցանակի տուուչութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2022-ին, Ֆապրիանօ ընկերութեան կազմակերպած աշակերտական գործերու ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին: Սերժը իր մետալը ստացաւ Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութեան Ընդհանուր Տնօրէն՝ Պրն. Իմատ Աշքարէն եւ Ֆապրիանօ ընկերութեան տնօրէն՝ Պրն. Ժան-Գլօտ Նահասէն:

Սրտանց կը շնորհաւորենք Սերժը իր այս իրագործման համար, եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ՝ մեր վարժարանի նկարչութեան ժրաջան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Թամարա ՇիրՅակոբեանին, իր հետեւողական աշխատանքին եւ նեցուկին համար:

Fabriano Competition 1.jpeg
125 KB
View
Fabriano Competition 2.jpeg
67 KB
View
Fabriano Competition 3.jpeg
132 KB
View

Name
Title
Comment