Վերամուտեան Բարձր Տրամադրութիւն

Mon, 14 Nov 2022

Այս տարի, վերամուտը սկսաւ խոստմնալի և յուսադրող տրամադրութիւններով, հաւատալով որ ան անխափան և անսայթաք ընթացք մը կ'ունենայ:

Աշակերտութիւնը խանդավառութեամբ ու վճռակամութեամբ յաճախած էր վարժարան, պատշաճօրէն դիմաւորելու վերամուտը, համոզուած ըլլալով որ անիկա իր հարազատ երկրորդ տունն է, ուր ամբողջ կրթական տարեշրջան մը պիտի բոլորէ:

Այս առիթով, մարմնամարզանքի ժրաջան ուսուցչուհի Տիկ. Նայիրի Հայրապետեան-Էլսուէյտի, պատրաստած էր խնամեալ ծրագիր մը, ֆիզիքական, կազմակերպչական, ընկերային, ժամանցային ու խաղային հրապուրիչ պատկերներով ու մանրամասնութիւններով, որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին մասնակիցներուն մօտ, հոն գտնելով նաեւ ուսուցողական ու դաստիարակչական պահեր:

Նման վերամուտեան ընտրանքը գիտակցուած էր, աշակերտութեան մօտ առաջացնելու հետաքրքրութիւն ու կապուածութիւն իրենց վարժարանին նկատմամբ, ուսումնական կեանքի կողքին, մարզական ոգին և առողջ յարաբերութիւններու կամքը ցուցադրելով և երաշխաւորելով անոնց արդիւնաւէտութեան օգտակարութիւնը:

*

* *

Այս պատեհութեամբ, կ'արժէ շնորհակալութիւն յայտնել մեր վարժարաններու Տիկնանց Յանձնախումբի ջանադիր անդամներուն, որոնք վերամուտի այդ օրը վերածեցին տօնակատարութեան, իրենց պատրաստած համեղ կրկնեփներով ու համադամներով, հիւրասիրելով մեր սաներն և ուսուցչակազմը:

Veramood 2.JPG
3.8 MB
View
Veramood 5.JPG
1.1 MB
View
Veramood 7.JPG
3.9 MB
View

Name
Title
Comment