Պատշաճ Ոգեկոչում Ու Նշում Հայաստանի Անկախութեան Առիթով

Mon, 14 Nov 2022

Անկախութիւնը սրբազան հասկացողութիւն մըն է մանաւանդ հայ ժողովուրդին համար, որ ամբողջ 700 տարի սպասեց զայն իրականացած տեսնելու, մինչեւ որ 21 Սեպտեմբեր 1991ին, ան նուիրագործուեցաւ, յուրախութիւն ու ցնծութիւն համայն հայութեան:

Իրաւացի էր հայ ժողովուրդը իր ակնկալութեան մէջ, որովհետեւ անկախութիւնն էր, որ պիտի երաշխաւորէր իր գոյութիւնը, պահպանէր իր ինքնութիւնը, արժեւորէր իր  դերակատարութիւնը, համաշխարհային մեծ ընտանիքին մէջ:

Պատահական ալ չէր, որ հայ ժողովուրդը, ամէն տարի երկիւղածութեամբ, բայց, մեծ հոգատարութեամբ կը նշէ Հայաստանի հանրապետութեան տարեդարձը, պետական, ժողովրդական մակարդակներով, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ:

Միութեան վարժարաններու աշակերտութիւնը եւս այս տօնակատարութեան մթնոլորտէն չէր կրնար բացակայիլ, հետեւաբար, 20 Սեպտեմբեր 2022ին, պատշաճ հանդիսութեամբ նշուեցաւ անոր տարեդարձին 31 ամեակը:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, կարեւորեց անկախութեան ոգեկոչումը, իր ազգային, հայրենական, ժողովրդական ու ժողովրդավարական առումներով, որ յատկապէս այս հանգրուանին, աւելի քան անհրաժեշտութիւն մըն է, սակայն, վերջին օրերուն, Հայաստանի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած ապահովական զարգացումները, ըսաւ ան, մեզ կը մղեն մեծ զգուշութեամբ և աչալրջութեամբ վերաբերուիլ անոնց հետ և թէ՝ մենք, իւրաքանչիւրս պէտք է վերցնենք համապատասխան պարտականութիւն մը, նոյնիսկ ունենալով իր համեստ և օգտակար ներդրումը:

Այս առիթով, ան դիտել տուաւ, որ մեր աշակերտութիւնը կրնայ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել, ի նպաստ հայրենական զօրակցութիւններուն, որոնց մասին, շուտով, նոր տնօրինումներ պիտի նշանակուին:

Այնուհետեւ, Պրն. Տնօրէնը, բեմ հրաւիրեց վարժարաններու վերի կարգերու հայ գրականութեան ուսուցիչ՝ Պրն. Պարոյր Աղպաշեանը, որ անկախութեան լոյսին տակ ու ներկայ դժնդակ պայմաններուն ի լուր, անդրադառնայ այս հիմնահարցերուն:

Պրն. Աղպաշեան, պատմական, իրողական, պատերազմական դէպքերուն ընդմէջէն, անկախութենէն ասդին, տիրող իրավիճակներու մասին խօսելէ ետք, կեդրոնացաւ այն հրամայականներուն վրայ, որոնք հայրենիքը կրնան ու պէտք է փրկեն նոր փլուզումներէ, շեշտելով՝ պետականութեան պահպանման, դիւանագիտութեան ամրապնդման և Ազգային բանակի հզօրացման տուեալներուն արդիականացումին, բիւրեղացումին և արդիականացումին վրայ, համաշխարհային չափանիշներով, ի նպաստ հայրենիքին անվտանգութեան ու բարօրութեան:


Name
Title
Comment