Սանուհի Լիկա Ապաճեան Ճատրակի Աղջկանց Մրցաշարքի Ախոյեան

Mon, 14 Nov 2022

Ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ մեր վարժարաններէն 10րդ դասարանի սանուհի՝ Լիկա Ապաճեանը, հանդիսացած է աղջկանց առաջին մրցանակներուն, ստանալով արժէքաւոր մետալներ:

Այս տուչութիւնները կատարուած են՝ Զահլէի, Պայսուրի և Ալէյի մէջ կայացած ճատրակի միջազգային մրցանքներուն, ուր ան արժանացած է պատուաբեր այս յաջողութիւններուն:

Այս բարեպատեհ առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք մեր արժանաւոր աշակերտուհին, իր արձանագրած բացառիկ յաղթանակներուն համար, անոր մաղթելով յարատեւ յաջողութիւններ, իր յետագայ ելոյթներուն մէջ նուաճելով նորանոր բարձունքներ:


Name
Title
Comment