Երբ Սեպտեմբեր եկաւ,
Մենք պայուսակ բռնեցինք,
Մանկապարտէզ կարօտցած՝
Դէպի դպրոց մենք գացինք:
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29ի առաւօտեան խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէր մանկապարտէզէն ներս: Գոյնզգոյն փուչիկներով զարդարուած մուտքը դասարաններն ու բակը պատրաստ էին դիմաւորելու սիրասուն մանուկները:
Ճիշդ ժամուն հնչեց առաջին զանգը աւետելով 2022-2023 կրթական տարեշրջանին վերամուտը: Ժրաջան երեխաները նախ աղօթեցին, ապա Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց զիրենք և բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին, ցանկալով գործունէութեամբ հարուստ ուսումնական տարեշրջան մը:
Աշակերտները իրենց դաստիարակներուն գլխաւորութեամբ ուղղուեցան դէպի դպրոցին մեծ բակը, ուր վերամուտը վերածուեցաւ տօնակատարութեան: Ճոխ երգերուն զուգահեռ՝ անոնք պարեցին, մասնակցեցան զանազան դաստիարակչական խաղերու, գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներ կատարեցին և փուչիկներով նկարուեցան:
Օրուան ընթացքին փոքրիկները հիւրասիրուեցան կրկնեփուկներով՝ պատրաստուած վարժարանիս Տիկնանց Օժանդակ Կազմի անդամուհիներուն և հերթաբար ծանօթացան իրենց ուսուցչուհիներուն ու անոնց դասաւանդած նիւթերուն:
Առաջին օրը հեզասահ անցաւ ու կէսօրին փոքրերը տուն մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ և գունաւոր փուչիկներով:
3 Հոկտեմբեր 2022ին Մանկապարտէզի Ծիլ դասարանը վերաբացաւ իր դռները և իր խնամքով յարդարուած ջերմ յարկին տակ ընդունեց անուշիկ Ծիլերը: