Ա. Դասարանի Սաները Կ'օժտուին iPad-ներով

Mon, 14 Nov 2022

Մեր վարժարաններու առաջին դասարանի աշակերտները՝ այս վերամուտին ստացան իրենց անհատական iPad-ները, որպէս առաջին հանգրուան, որ պիտի շարունակուի յաջորդ տարիներուն եւս, աւելի հմտանալով անոնցմէ օգտուելու կարելիութիւններուն:

Տեղին է նշել, թէ մեր վարժարանէն ներս՝ նախակրթարանի բոլոր դասարաններուն մէջ դասաւանդումը կը կատարուի արդիական միջոցներով եւ iPad-ներու օգտագործումով, եւ մեր սաները լեզուներու եւ գիտութեանց իրենց գիտելիքները կ՛ամբարեն՝ արդի արհեստագիտութեան այս գործիքներուն մէջ ներբեռնուած ներգործօն գիրքերուն (interactive ebooks) միջոցաւ:

Արհեստագիտութեան զարգացող ու բարգաւաճող այս դրութիւնը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է աշակերտութեան ու ծնողներուն մօտ, հաւատալով անոր առաւելութիւններուն և շահեկանութիւններուն:

Նախորդ տարիներու փորձը ցոյց տուաւ, որ այս գործիքներու օգտագործումը, իրօք բարեբեր և օգտաշատ է, մեծ ոգեւորութիւն ու ժրաջանութիւն առաջացնելով աշակերտութեան մօտ, որովհետեւ իրենց համար այդ մեքենաները ոչ միայն ուսանելի նորութիւն էին, այլեւ՝ գրաւիչ ու հաղորդական գիտելիքներու անսպառ աղբիւր:

Այդ էր պատճառը, որ մեր աշակերտութիւնը ցնծութեամբ նշեց iPad-ներուն ծանօթանալու և անոնցմով ուսանելու հնարաւորութիւնները, որոնք պիտի արմատաւորեն ու հարստացնեն իրենց արհեստագիտական պաշարները, աւելի արդիւնաւէտ դառնալու յուսադրող հեռանկարներով, գեղազարդելով դասարանը և գրատախտակները:


Name
Title
Comment