«Մտային Առողջապահութեան Համաշխարհային Օր»

Mon, 14 Nov 2022

ՀԲԸ Միութեան վարժարաններուն համար, ինչպէս միշտ, տարեմուտը միայն կրթական-ուսումնական չէ, այլ նաեւ՝ բազմերանգ ու բազմաբնոյթ գործունէութիւններու շարան մը, աշակերտութիւնը հարստացնելով այժմէական գիտելիքներով, փորձառական վարժութիւններով, նորագոյն իրագործումներով, անշուշտ, ազգային-հայրենական, քաղաքացիական տօներու նշումներուն զուգահեռ:

Այս տարուան նորութիւններէն մէկը այն էր, որ ժամանակակից պահանջներէն ամենէն հրատապ հարցն ալ մեր տեսադաշտին մէջ առնուեցաւ, ի տես երկրին մէջ տիրող ահաւոր վերիվայրումներուն, որոնց նկատմամբ անհրաժեշտ էր ցուցաբերել դաստիարակիչ ուսուցում, այս պարագային, դպրոցական և աշակերտական մակարդակներու վրայ:

Անոնցմէ մէկն էր՝ հոգեբանական ազդակը, մանաւանդ՝ վերջին տարիներու խռովայոյզ դէպքերու լոյսին տակ, նոր սերունդին հետ յարաբերելով այդ մօտեցումներով ու մերձեցումներով, զայն դուրս բերելու, կարելի չափանիշներով և անոր մէջ գտնուողները՝ լուսաբանելով և առաջնորդելով:

Ահաւասիկ հոս կը կայանան հոգեբաններու դերը, իրենց մասնագիտութեանց թէ փորձագիտութեանց մարզերով, սատարելու բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին իրենց աջակցութեանց կամ օգնութեանց:

*

* *

Ողջունելի է, որ այս տարեշրջանին, մեր վարժարաններուն մէջ, հոգեբանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը արժանացաւ յատուկ ուշադրութեան, զայն ներմուծելով մեր կրթա-դաստիարակչական բովէն ներս:

Այս առնչութեամբ, առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2022ին, որուն մասնակցեցան մեր բոլոր դասարանները՝ մակապարտէզէն մինչեւ երկրորդական, իւրաքանչիւրին յատկացնելով իր տարիքին ու հասունութեան համապատասխան նիւթ:

Պատասխանատուները այս ծրագրին՝ մեր վարժարանի երկու հոգեբաններն էին, Օրդ. Միրէյ Տէր Առաքելեանը եւ Տիկ. Ալիս Թէքեանը:

Զեկուցման նիւթն էր «Մտային առողջապահութիւնը», որ, իրօք, այժմէական էր, իր բովանդակութեամբ ու մանրամասնութիւններով, իսկ անոր քննարկումը անհրաժեշտութիւն մըն էր նոր ու զարգացող սերունդին համար:

Զեկուցողուհիները, որ լիովին տիրացած էին իրենց մասնագիտութեան ծալքերուն, կրցան շուրջ մէկ ժամ, հասկնալի լեզուով և ոճով, հաղորդական բացատրութիւններով, անդրադառնալ այս հրատապ նիւթին, աշակերտութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով անոր ուսանելիութեան վրայ:

Արդարեւ, անոնք, ընդհանուր գիծերու մէջ, նախ՝ ճշդեցին այն տագնապները, որոնք կը տիրեն մարդոց մտայնութեան մէջ, ապա, շեշտելով այն միջոցներուն ու դարմանումներուն մասին, որոնք արժանի են, մասնագիտական ու փորձառական առումներով, լուսարձակի տակ առնելու զանոնք, կազդուրիչ յատուկ սկզբունքներով ու չափանիշներով:

Այնուհետեւ, յիշեցին նաեւ այն պարագաները, որոնք առաւելաբար կը նշմարուին նոր սերունդին մօտ, իրենց աճման ու շրջապատին կամ միջավայրին ճանաչողութեան ընթացքին, յարաբերութիւններու, գործակցութիւններու և ընկերութիւններու ընդմէջէն:

Բազմաթիւ կենդանի օրինակներու մատնանշումներով ու տեսաերիզներու ցուցադրութիւններով, նաեւ պատկերաւոր բացատրութիւններով, Օրդ. Միրէյն ու Տիկ. Ալիսը ներկայացուցին, աշխարհը և մարդկութիւնը յուզող ու զբաղեցնող մտային ու մտաւոր երեւոյթներուն ախտաճանաչումները,  յաճախ տալով անոցմէ ձերբազատուելու կամ հրաժարելու մասին, թելադրութիւններու և յորդորներու փոխանցումով:

Յիշուեցաւ, որ միջազգային ընտանիքը մօտէն կը հետեւի առողջապահական այս մտահոգիչ հոգեհիւանդութեան, փորձելով գտնել այնպիսի լուծումներ, որոնք կրնան նուազեցնել անոր բարդացումները կամ առնուազն զսպել անոր տարածումը:

Հետեւաբար, կոչ եղաւ աշակերտութեան զգուշանալ այն բոլոր ախտերէն, որոնք իրենց դպրոցական կամ ընտանեկան կեանքին մէջ կրնան ծագիլ, սկիզբը՝ անգիտակցաբար, յետոյ՝ ակամաօրէն, ի հարկին դիմելով հոգեբաններու կամ ընկերաբաններու օժանդակութեան:

Հանդիպումին վերջին մասը, հարցախոյզ մըն էր այս նիւթերուն շուրջ, որոնք բաշխուեցան խումբերու բաժնուած աշակերտներուն, տալու իրենց կարծիքը կամ մտածումը, որ գնահատուեցաւ զեկուցողներէն:

Աւարտին, Տնօրէնը՝ Պրն. Արա Վասիլեան, իր հերթին կարեւորեց այս նիւթին դասաւանդման և անոր հետ կապուած հարցերուն քննարկման անհրաժեշտութիւնը, շնորհաւորելով  Միրէյի և Ալիսին տարած ճիգերը, նաեւ այս և նման նիւթերու շահեկանութիւնը, որոնք միայն կը ծառայեն առողջ ու բնականոն սերունդներ ունենալու հարստութեան:

Աշակերտութիւնը մեծ գոհունակութեամբ, առ ի շնորհակալութիւն, լուսանկարուեցաւ զեկուցողներուն հետ, շրջապատուած՝ «Մտային Առողջապահութեան Համաշխարհային Օր»ուան նուիրուած կարգախօսին ու շրջանակին հետ:

 


Name
Title
Comment