Հանդիպում՝ ՀԵՀՈՄի Վարչութեան Հետ

Mon, 14 Nov 2022

Չորեքշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2022ին, Միութեան վարժարաններու աշակերտութիւնը (10րդ, 11րդ, 12րդ դասարաններ), մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ ՀԵՀՈՄի վարչութեան հետ, ծանօթանալու՝ անոր գործունէութեան ու դերակատարութեան, առաքելութեան ու կազմակերպչական զանազան շարժումներուն:

Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, ողջունեց վարչութեան այցելութիւնը ու շեշտեց, որ ատիկա կը նկատուի օգտաշատ ու բարենպաստ նախաձեռնութիւն մը, թէ՛ համագործակցութեան, թէ՛ համամասնակցութեան առումներով, դպրոցական ու համալսարանական տարրերու համախմբումով ու մէկտեղումով, երիտասարդութիւնը մղելով դէպի ճշգրիտ, առողջամիտ և ազգանուէր ուղիներու:

Այնուհետեւ, ան հրաւիրեց վարչութեան ատենապետ Սէրուժ Խանճիհանեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան այս հրաւէրին համար, նաեւ աշակերտութեան՝ իր գործօն մասնակցութեան:

Միութեան բազմազան ու բազմատեսակ գործունէութիւններու ծիրէն ներս, ցուցադրուեցաւ տպաւորիչ տեսաերիզ մը, որով աշակերտութիւնը մօտէն իրաւզեկ դարձաւ վարչութեան որդեգրած շինիչ դերին, ազգային, կրօնական, կրթական, ընկերային, մշակութային և յարակից մարզերէն ներս, հաստատելով որ՝ այս բոլորը մարմնաւորուած են՝ ազգա-եկեղեցական, մարդակերտական, դաստիարակչական, ուսումնական, ընկերա-գործակցական մարզերուն ընդմէջէն:

Ան, պատմական տեսաերիզի միջոցով, կարեւորեց այս միութեան հիմնադրութեան ու հիմնադիրներու կատարած ազգանպաստ դերը, իրենց կրօնական և աշխարհական ներդրումներով, որոնց ծնունդն է այսօրուան երիտասարդական-միութենական կառոյցը, կոչ ընելով որ՝ նոր սերունդը իր գործնական և անդամակցական մասնակցութիւնը բերէ անոր զարգացման ու բարգաւաճման, յանուն հայ երիտասարդութեան հոգեկրթական կազմաւորման և առողջացման:

Աշակերտութիւնը հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց զեկոյցը, որուն մանրամասնութիւնները անոր փոխանցուեցան համապատասխան տուեալներով ու մէջբերումներով, յստակ պատկերի մը բացատրութեամբ:

Իր փորձառութեան և անդամակցութեան մասին, այս վարչութենէն ներս, մեր վարժարաններէն շրջանաւարտ՝ Տոքթ. Գարին Սիմոնեան, վկայեց որ, նման մարմիններէ ներս մասնակցութիւնը օգտակար քայլեր են նաեւ ծառայելու բոլորին, որոնցմէ ինք օգտուած է, հետեւաբար, պէտք է հետեւիլ այդ ուղղութեան, անոր անդամակցելու պատրաստակամութեամբ:

Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, դարձեալ քաջալերեց նման մարմիններու մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որ կը ծառայէ նոր սերունդին կենդանացման և ազգայնացման գործին, շնորհակալութիւն յայտնելով հիւր վարչութեան անդամներուն:


Name
Title
Comment