«Իշխան Ուալիտ Պըն Թալալ Մարդասիրական Հիմնարկ» Տիկ. Լէյլա Սոլհի Արժանավայել Զօրակցութիւնը Միութեան Վարժարաններուն

Mon, 13 Mar 2023

Նոր տարին, նաեւ բարեբեր եղաւ ՀԲԸՄիութեան վարժարաններուն, զանոնք համալրելու արդիական պատշաճելի կառոյցներով, աւելի յարմարաւէտ ու հանգստացուցիչ պայմաններ ստեղծելով մեր աշակերտութեան ու դպրոցական կարիքներուն՝ համապատասխան տնօրինումներով:

Արդարեւ, Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2023ը, մեր վարժարաններուն և աշակերտութեան համար, եղաւ ցնծութեան յիշատակելի թուական մը, երբ յայտնի դարձաւ, որ դպրոցական համալիրը պիտի օժտուի յարակից դասարաններով և ենթաբաժիններով:

Այդ ծրագրին յաջողութեան և իրագործութեան հեղինակն էր՝ հանրայայտ մարդասիրական կազմակերպութեան, ընդ հովանեաւ անոր հիմնադիր-նախագահ՝ Ուալիտ Պըն Թալալի և անոր ներկայացուցիչ՝ նախկին նախարարուհի Լէյլա Սոլհի, որ գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը, յօժարած էր Միութեան վարժարանները օժտել արդիական լրացուցիչ լսարաններով:

Ազնուափայլ տիկինը, որ ջերմ բարեկամներէն էր Միութեան ու մասնաւորաբար անոր արժանաւոր ատենապետ՝ Պրն. Ժերար Թիւֆէնքճեանին, առաջին անգամ չէր որ հանդէս կու գար նման սքանչելի ու գործնաշէն մասնակցութեամբ, կարեւորելով ՀԲԸ Միութեան կատարած ու կատարելի դերը կրթական ասպարէզէն ներս, նաեւ անոր վերապահուած առաքելութիւնը ընդհանրապէս լիբանանեան ու լիբանանահայ կեանքին մէջ:

Միութեան ղեկավարութիւնը, տնօրէնութիւնը, աշակերտութիւնը, ուսուցչակազմը, ծնողները և հիւրերը, որոնք ներկայ էին դիմաւորելու ազնուական հիւրը ու բաժնեկից դառնալու անոր կրթանպաստ օժանդակութեան, անհամբեր էին զինք ընդունելու և արժանին մատուցելու անոր, սկսելով դպրոցաշէնքի շէմէն, ուր «կարմիր գորգ» փռուած էր, իսկ աշակերտ-աշակերտուհի զոյգը, հայկական աւանդութեամբ, զինք կը պատուէր «աղ ու հաց»ի համտեսութեամբ, հիւրընկալող կողմին լայնաբաց ընկերակցութեամբ:

Պատկառելի էր համապատկերը՝ իր բեմահարթակով ու հանդիսականութեամբ, լրջութեամբ ու խորաթափանցութեամբ, ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ, վայելելու այս հոգեցունց պահը, երբ մարդասիրական-կրթական կազմակերպութիւն մը պիտի լուսաւորէր դպրոցի մը յարակից տարածքները, նորագոյն կարգադրութիւններով և շինութիւններով:

Այս յատուկ ու պատուաբեր ձեռնարկը կը փայլէր իր պատասխանատու մարմիններու և անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ, Տիկ. Լէյլա Սոլհի կողքին գտնուելով ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ժերար Թիւֆէնքճեանը, և իր վարչակազմը, Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Արտա Եանըքեանը և իր պաշտօնակիցները, ինչպէս նաեւ՝ Պետական նախարար Ժորժ Պուչիկեանը, երեսփոխան՝ Ժան Թալուզեանը, Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ՝ Պրն. Ստեփան Գէորգեանը և այլ յարգելի հիւրեր:

Լիբանանեան, հայրենական ու միութենական օրհներգներէն ետք, յոտընկայս, բացման և ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու ջանադիր տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան, որ՝ իր սրտաբուխ ու խորազգաց խօսքերով, նախ՝ ջերմօրէն ողջունեց ներկայութիւնը յարգամեծար պատուոյ հիւրին, ապա՝ վկայակոչելով անոր շնորհեալ բարերարութիւններն ու նուիրատուութիւնները բազմահամայնքային ու բազմաժողովրդային շրջանակներուն մէջ, որոնք մեծ երախտագիտութեամբ կը յիշուին հասարակութեան կողմէ:

Պրն. Տնօրէնը տպաւորիչ խօսքերով անդրադարձաւ այս մարդասիրական կազմակերպութեան գլխաւորած դերին, որ լիբանանեան դժուարին կացութեան մէջ, իրօք, ցոլավառ փարոսի ուժգնութեամբ, լիբանանցիներուն օգնութեան կը հասնի, ամենայն պատրաստակամ և յանձնառութեամբ, իրենց բաշխելով կամ յատկացնելով բարեսիրական, մարդասիրական, կրթական, առողջապահական և այլ կարգի նպաստներ:

Ան նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ ժողովրդանուէր ու հանրանպաստ այս հիմնարկը, գլխաւորութեամբ Տիկ. Լէյլա Սոլհ Համատէի, լիբանանեան իրականութեան մէջ դարձած է մնայուն ներկայութիւն մը, յոյս ու վստահութիւն ներշնչելով լիբանանցիներուն, առանց խտրութեան ու կողմնակալութեան, հաւատացած ըլլալով որ այս նուիրական գործին կը ծառայեն, խորապէս գիտակցելով անոր անհրաժեշտութեան ու նպատակասլացութեան արդիւնաւէտութեան:

Այդ մեկնակէտով ալ, Պրն. Վասիլեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց, որ պատուոյ հիւրը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, իր հոգատարութեան և ուշադրութեան կիզակէտ դարձուց ՀԲԸ Միութիւնը, իր արժէքաւոր բարերարութեամբ, զայն նկատելով թանկագին և արժէքաւոր կրթաշէն նախաձեռնութիւն մը:

Մարդասիրական կազմակերպութեան փոխ-նախագահուհիին խօսքը խիստ տպաւորիչ էր, երբ ան հայ ժողովուրդին գոյատեւման արժեւորումն ու հիմնաւորումը ուրուագծեց, պերճախօս տուեալներով, ցայտուն նկարագրութիւններով և իմաստալի արտայայտութիւններով, տալով հայ ժողովուրդին ծնունդէն մինչեւ նորօրեայ ժամանակաշրջաններուն պատմութիւնը, լաւագիտակի մէջբերումներով ու խորհրդապաշտելի վկայութիւններով:

Ան յատուկ գովասանքով ու սիրալիրութեամբ պարտայայտուեցաւ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ՝ Պրն. Ժերար Թիւֆէնքճեանին մասին, որպէս իր վաղեմի անկեղծ բարեկամը, որ Միութեան ղեկավարութիւնը կը հովանաւորէ բուխ ձեռներէցութեամբ ու պատրաստակամ նուիրուածութեամբ, ցանկալով որ ան և Միութիւնը միշտ կը մնան պատնէշի վրայ ի ծառայութիւն իրենց առաքելութեան շարունակականութեան ու բարգաւաճումին, միաժամանակ շնորհաւորելի գտնելով Պրն. Արա Վասիլեանի շահեկան ելոյթը:

Այնուհետեւ, հրամցուեցաւ կոկիկ ու խնամուած յայտագիր մը, կատարողութեամբ մեր նախկին շրջանաւարտներէն Համբիկ Մարտիրոսեանի՝ դաշնամուր և մենապարութեամբ՝ սանուհի Ժանէթ Ճունթոյեանի, մեծապէս զմայլելով հիւրերը, ապա, Բ. Գ. և Դ. դասարաններու աշակերտութիւնը, հայերէն, արաբերէն և անգլերէն լեզուներով արտասանեց, երգեց ու պարեց, համակ խանդավառութիւն ստեղծելով, ինչ որ դարձեալ արժանացաւ բոլորին ջերմ ծափողջոյններուն:

Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցան Տիկ. Սոլհը և Պրն. Թիւֆէնքճեանը, որպէսզի պատուական հիւրին յանձնուի «շնորհակալիքի» նուէր մը, պատրաստուած մեր աշակերտութեան կողմէ, գեղեցիկ գեղանկար մը, զոր ան ընդունեց ամենայն սրտբացութեամբ, ատիկա նկատելով իր ու Միութեան վարժարաններու բարեկամութեան ազնուագոյն խորհրդանշաններէն մէկը:

Հաւաքական լուսանկարները, Տիկ. Լէյլայի ու Միութեան պատասխանատուներուն հետ, դրոշմելի և արձանագրելի դարձան, իրենց գունագեղութեամբ և յիշատակագրութեամբ:

Աւարտին, բոլոր ներկաները ուղղուեցան խաղավայրի այն հատուածը, ուր կատարուեցաւ կառուցելի դասարաններու հիմնաքարի ամրագրումը, ձեռամբ Տիկ. Սոլհին, մինչ աշակերտութիւնը շուրջբոլորած զինք ու Միութեան պատասխանատուները, ամբողջ հանդիսութեան կու տային խոր և զգացողական հոգեպարարութեան անջնջելի ջահակրութեան տեսարան մը:

Յիշարժան այս արարողութիւնը վերջ գտաւ ճոխ հիւրասիրութեամբ, այն յոյսով ու հաւատքով, որ մեր վարժարանները վերանորոգ կարգով ու սլացքով, կը շարունակեն իրենց երթը, նոր սերունդը լուսաւորելով ու դաստիարակելով, միշտ լաւագոյնին և առաւելագոյնին հասնելու վճռականութեամբ, որուն համար, այս պարագային, շնորհակալիքի մեծ բաժին մըն ալ կ'երթայ «Ուալիտ Պըն Թալալ մարդասիրական» հիմնարկին և անոր փոխ-նախագահուհի՝ Տիկ. Լէյլա Սոլհին, որ գիտէ՝ «արժանաւորները արժեւորել արժանին վարձատրութիւններով ու քաջալերութիւններով:

Կ'արժէ յիշել, որ այս բոլորը տնօրինուած էր չափազանց բծախնդիր, կազմակերպուած, դասաւորուած ու համադրուած ծրագիրով մը, որուն համար շնորհաւորելի են պատասխանատուները, գլխաւորութեամբ՝ ՀԲԸՄի Կրթական Յանձնախումբին, տնօրէնութեան, կեդրոնական գրասենեակի պաշտօնէութեան և վարժարաններու ուսուցչակազմին:

Leyla Solh 1.JPG
5.6 MB
View
Leyla Solh 2.JPG
5.8 MB
View
Leyla Solh 3.JPG
4.7 MB
View
Leyla Solh 4.JPG
5 MB
View
Leyla Solh 5.JPG
5.8 MB
View
Leyla Solh 6.JPG
5.7 MB
View
Leyla Solh 7.JPG
5.1 MB
View
Leyla Solh 8.JPG
5.4 MB
View

Name
Title
Comment