Մեր Աշակերտները կ’արժանանան Պատուոյ Գիրերու

Tue, 2 May 2023

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ ՀԲԸՄի Վարժարաններու սան-սանուհիներ՝ Սիմա Ապաճեանը, Քրիսթիան Պաղտասարեանը, Միրէյ Անթունեանը եւ Մարալ Կիրիթլեանը, մասնակցելով Հայաստանի Գեղագիտութեան Ազգային Կեդրոնի կազմակերպած «Ինքնաճանաչում․ Էրեբունի» Համահայկական Մանկապատանեկան նկարչական մրցոյթ-փառատօնին՝ արժանացած են պատուոյ գիրերու: Մեր սաներուն նկարչական աշխատանքները այժմ կը ցուցադրուին Հայաստանի Գեղագիտութեան Ազգային Կեդրոնի պատկերասրահէն ներս կայացած ցուցահանդէսին մէջ:

«Ինքնաճանաչում․ Էրեբունի» խորագրով մրցոյթ-փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հայ երեխաներ ու պատանիներ աշխարհի տարբեր երկրներէն, ներառեալ՝ Լիբանանէն:

Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները հերթական այս յաջողութեան համար, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀԲԸՄի Վարժարաններու արուեստի եւ նկարչութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Թամարա ՇիրՅակոբեանին, որ իր յարատեւ ճիգերով քաջալեր կը հանդիսանայ, մեր շնորհեալ սան-սանուհիները մղելով դէպի աւելի բարձր յաջողութիւններու:

5-Ngarchagan Mrtsuyt.jpeg
145 KB
View
6-Ngarchagan Mrtsuyt.jpeg
140 KB
View
7-Ngarchagan Mrtsuyt.jpeg
154 KB
View
8-Ngarchagan Mrtsuyt.jpeg
122 KB
View

Name
Title
Comment