LAU Համալսարանի MEUի Ծրագրին Մասնակցութիւն Եւ Յաջողութիւն

Tue, 2 May 2023

Այս տարի եւս, ՀԲԸՄի Վարժարաններու 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի կազմակերպած MEU (Model European Union) ծրագրին, Եւրոպական Միութեան տարբեր կառոյցներուն մասին իրենց գիտելիքները համալրելով եւ կարեւոր ունակութիւններ ու փորձագիտութիւններ ձեռք ձգելով: 

Ուրախութեամբ կը յայտնենք նաեւ, որ մեր վարժարանի 11-րդ Դասարանի սանուհի՝ Մարալ Կիրիթլեանը արժանացաւ այս ծրագրի "Position paper" մրցանակին: 

Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները, եւ նմանօրինակ օգտակար նախաձեռնութիւններու մասնակցելու կամք եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք իրենց: 

LAU MEU 1.jpeg
216 KB
View
LAU MEU 2.jpeg
350 KB
View

Name
Title
Comment