Շարունակելով «Waznat» ընկերութեան ուսանելիական ու փորձագիտական, մանկավարժական-հոգեբանական աշխատանքներու հանդիպումները, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացուցած են, յաջորդական հաւաքներ տեղի ունեցան՝ ծնողներուն, ուսուցիչներուն և աշակերտութեան հետ, հետեւեալ նիւթով.
Ինչպէ՞ս կարելի է դիմագրաւել իրավիճակներ՝ դժուարութիւններու պարագային:
Զեկուցողուհին էր Տիկ. Միշէլ Մաթարը որ իր փորձագիտութեամբ լաւագիտակ և իրազեկեալ մասնագէտ մըն էր ու ծանօթ՝ իր տարիներու հարուստ վաստակով:

Ազնուափայլ տիկինը, իր պերճախօսութեամբ ու հաղորդականութեամբ, նախ՝ ինքզինք ներկայացուց աշխատանքային մարզով ու ձեռք ձգած փորձառութիւններով, ապա, արագ ակնարկով ուրուագծեց իր նիւթին հրատապութիւնը և անոր հետ առընչուած հիմնահարցերը, գործնական օրինակներով ու պատկերաւոր նմոյշներով:
Փորձագիտուհին, մանրամասն բացատրութիւններով, մերթ ընդ մերթ կեդրոնացաւ այն հիմնահարցերուն վրայ, որոնք կեանքի ընթացիկ պայմաններուն մէջ կը ծագին կամ տեղի կ’ունենան, յատկապէս ընկերային ու փոխադարձ յարաբերութիւններու ծիրերէն ներս, որոնց հետ պէտք է վերաբերուիլ համապատասխան զգուշաւոր մօտեցումներով և ուսանելի դաստիարակութեամբ:
Ան, յիշեցումի կարգով, թուեց այն դժուարութիւնները, որոնք կը պատահին կամ կը կատարուին կեանքի զանազան հանգրուաններուն, որոնց նկատմամբ պէտք է որդեգրել դաստիարակչական ու հոգեբանական լուծումներ:
Այս առընչութեամբ, ան՝ իր զեկուցումով թէ երիզացուցադրութեամբ, տուաւ բազմաթիւ օրինակներ, ներկայացուց զանազան նմոյշներ, ուր դժուարութիւններու դիմաց փոխանցեց, զանոնք յաղթահարելու խորհուրդներ, առաջարկներ ու թելադրութիւններ, որոնք կրնան օգտակար հանդիսանալ նոր սերունդներուն, միշտ մանկավարժական-հոգեբանական-դաստիարակչական հմտութեամբ ու փորձառութեամբ:

Կենսական և անմիջական այս հանդիպումը, իր այժմէականութեամբ և արդիականութեամբ, կը ներկայացնէր այնպիսի ոլորտներ, որոնք ամենօրեայ ու համաժամանակեայ ըլլալով, կը պահանջէր բարձր մակարդակի ու վերլուծումի դատումներ, ինչ որ մեծապէս գնահատելի և օգտաշատ նկատուեցան մասնակիցներուն կողմէ և ծառայեցին անոր ուսուցման ծանօթացումին:
Զեկուցումը դարձաւ աւելի արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց, մասնակիցներուն ուղղակի համագործակցութեամբ ու համախորհրդակցութեամբ, որովհետեւ՝ Տիկ. Մաթարը, միշտ, հարց-պատասխանի օրինակելի կարգով, ուսուցիչները ներգրաւեց այս շահեկան զրոյցէն ներս, ի գոհունակութիւն բոլորին:
Միութեան վարժարաններու տնօրէնութեան նախաձեռնութիւնը, յանձինս Պրն. Արա Վասիլեանի, նման արտաուսումնական ծրագիրներու մատուցումով, մեծապէս կը նպաստէ դաստիարակչականութեան ճշգրիտ արեւելումին ու գիտելիքներու հարստացման փորձին:
Տիկ. Մաթարը, այս առընչութեամբ, իրազեկութեամբ ու հաղորդականութեամբ, կրցաւ այդ ոգին ու մթնոլորտը փոխանցել, լաւագոյն տպաւորութիւններով ու շինիչ զարգացումներով, որոնց համար թէ՛ տնօրէնութիւնը, թէ՛ ուսուցչութիւնը, իրենց շնորհակալութիւնները յայտնեցին: