The AGBU Schools visited the Azounieh Armenian National Nursing Home as part of the Aflatoun Program.

Sat, 21 Jun 2025

Posted on YouTube, Facebook and Instagram:

The AGBU Schools visited the Azounieh Armenian National Nursing Home as part of the Aflatoun Program.

Far beyond the daily school routine, this special visit became a meaningful life lesson in empathy and service. The students, accompanied by their teachers, came with smiles, performances, and carefully prepared gifts to bring joy to the elderly residents of the home.

🎶 From heartfelt poems, songs, and prayers to shared laughter and even impromptu singing by an 60-year-old resident that everyone joined in—this visit was emotional, uplifting, and unforgettable.

🧁 Together, students and residents enjoyed cakes and juice in a warm, family-like atmosphere.

💬 Many students expressed moving words like “God bless you,” “We hope you reunite with your families soon,” and “You are loved.”

The visit wasn’t just about giving—it was about connection. It touched everyone: students, residents, staff, and even parents, one of whom recognized a distant relative’s joyful smile in a photo and wrote, “Thank you for bringing happiness to our loved ones.”

💖 This initiative is part of the Aflatoun Program, which nurtures social awareness and financial responsibility in children through hands-on experiences that promote giving, service, and community care.

After the visit, the students enjoyed a fun afternoon at YMCA’s Camp Fares in Ras El Metn—sharing meals, playing games, and bonding with nature and one another.

🙏 Special thanks to the Azounieh Armenian National Nursing Home and YMCA Lebanon for their warm welcome and support in making this experience possible.

Our students returned to school that day tired but glowing with joy—knowing that they had made a difference.

These are the moments that shape young hearts.

These are the memories that last forever. 🌱💫

#AGBUSchools #Aflatoun #socialresponsibility #EducationWithHeart #servicelearning #EmpathyInAction #AGBU #armenianschools #YouthInService #agbulebanon #YMCA

 

«Աֆլաթուն» Ծրագիր - Ընկերային Ծառայութեան Դաստիարակչական Այցելութիւն՝ Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան

Առօրեայ ու սովորական դպրոցական պատկերներու կողքին՝ կան նաեւ անմոռանալի եւ իւրայատուկ պահեր, որոնք դրօշմուած կը մնան աշակերտներու յիշողութեան մէջ: Այդպիսին էր Հինգշաբթի, Յունիս 5-ը, երբ ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններու նախակրթարանի 3-րդ, 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ուղեկցութեամբ, այցելեցին Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը՝ ժպիտ եւ լոյս տալու տարիքի կամ անհանգստութեան պատճառով այս ծառայասէր հաստատութեան խնամքը վայելող անհատներուն: Այդ օրը վերածուեցաւ դասի առիթի մը, եւ իբր գործնական օրինակ ծառայեց այն պերճախօս ճշմարտութեան, թէ երբ երեխան կը սորվի սիրել ու ծառայել ուրիշին, ան անմիջապէս կեանքի կարեւոր դասեր կը քաղէ, իր առօրեայ դասերէն ու աշխատանքներէն անդին երթալով:

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի այցելութեան այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէր «Աֆլաթուն» ծրագիրին, որ ունի կրկնակի նպատակ՝ զարգացնել աշակերտներուն մօտ ընկերային հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ սորվեցնել անոնց նիւթական խնայողութեան ու ճիշտ օգտագործման կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ համայնքի ծառայութեան եւ կարիքաւորներու օժանդակութեան։

Այցելութիւնը եղաւ բաւական յուզիչ եւ միեւնոյն ժամանակ իմաստալից։ Աշակերտները իրենց հասած պահէն իսկ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեցին բուժարանին մէջ: Դասարան առ դասարան՝ անոնք ներկայացուցին իրենց պատրաստած ելոյթները՝ բանաստեղծութիւններ, երգեր ու աղօթք։ Բոլորը զգացուած եւ ուրախ էին, որովհետեւ, ուրախացնելու կողքին՝ անոնք նաեւ յուշեր վերակենդանացուցին. Ներկաներէն ոմանք ձայնակցեցան աղօթքներուն, իսկ ուրիշներու աչքերը փայլեցան՝ վերապրելով մանկութեան տարիներու բանաստեղծական իրենց ձիրքերը։

Այս առթիւ, աշակերտները, իբր օժանդակութիւն՝ իրենց հետ բերած էին յատուկ նուէրներ, ըստ բուժարանի կարիքներուն ։ Ապա, բոլոր ներկաները միասնաբար համեղ կարկանդակներ ճաշակեցին եւ հիւթ ըմպեցին՝ մթնոլորտը աւելի ջերմ եւ ընտանեկան դարձնելով։ Պահ մը՝ 60-ամեայ տիկին մը բոլորին սրտերը գրաւեց, երբ ինքնաբուխ կերպով սկսաւ երգ մը երգել, ու բոլոր ներկաները խանդավառութեամբ ձայնակցեցան անոր, միասնական ու հաւաքական ոգիի խորհրդանշական արտայայտութեամբ մը։

Այցելութեան աւարտին, աշակերտներէն ոմանք բարձրաձայն արտայայտեցին իրենց սրտի խօսքերը՝ ուղղուած բուժարանի պատսպարեալներուն.- «Աստուած ձեզ առողջութիւն տայ», «Կը յուսանք, որ շուտով տեսնէք ձեր ընտանիքները ու միանաք անոնց», «Աստուած ձեզ կը սիրէ», եւ այլ արտայայտութիւններ՝ լի յարգանքով եւ հոգատարութեամբ։

Այս անմոռանալի փորձառութիւնը՝ յուզեց աշակերտները եւ մեծ արձագանգ գտաւ նաեւ ծնողներուն մօտ, որոնք բարձր գնահատեցին դպրոցին այս նախաձեռնութիւնը՝ նշելով թէ «Դպրոցը կը կատարէ դաստիարակութեան կարեւոր գործ մը – Ան կը սորվեցնէ մեր զաւակներուն՝ սիրել, կարեկցիլ ու ծառայել ուրիշներուն»։

Մեր ծնողներէն մին, համացանցով տարածուած նկարներուն մէջ հեռաւոր ազգականի մը ժպիտը տեսնելով՝ յուզումով վկայեց, թէ որքա՜ն «ուրախացած էր այդ ժպիտը տեսնելով...»։ Ան աւելցուց, թէ «Այս միջոցառումը, մեր սաներուն գիտակից վարուելակերպը ցոյց տալէն անդին՝ ի յայտ բերաւ նաեւ անոնց մարդասիրական վեհ կեցուածքը ։ Շնորհակալ ենք, որ մեր զաւակները այդ ժպիտին աղբիւրը դարձան»։

Այս այցելութեան ընթացքին, փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի կապ մը ստեղծուեցաւ, որ հաւասարապէս պարուրեց թէ՛ աշակերտութիւնը, թէ՛ հիւրընկալ Ազգային Բուժարանի պատսպարեալներն ու անձնակազմը. Փոքրիկներէն ոմանք յուզումով յիշեցին իրենց մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը. միեւնոյն ժամանակ՝ անոնք անդրադարձան, որ այդ յիշատակները աւելի՛ կ՛արժեւորուին ծառայութեամբ եւ նուիրումով։

Հետեւաբար, այս այցելութիւնը միայն բարեգործութեան արարք մը չէր, այլ՝ եղբայրասիրութեան, յարգանքի եւ մարդկային արժէքներու գործնական արտայայտութիւն մը։

Այցելութենէն ետք, մեր աշակերտները այցելելցին Ռաս Էլ Մեթնի YMCA-ի Camp Fares հանգիստի գոտին, բնութեան գիրկին մէջ։ Իւրաքանչիւր դասարան բերած էր իր պատրաստած ճաշը՝ զայն բաժնեկցելու եւ միասին ճաշակելու համար։ Ճաշելէ ետք՝ սկսան խաղերը։ Աշակերտները մեծ ուրախութեամբ խաղցան՝ գնդակով, racket-ներով, եւ բնութեան մէջ զանազան խմբային խաղերով ուրախ ժամանց ունեցան։ Ուրախութիւնը համատարած էր, եւ մեր աշակերտներու խանդավառութիւնը սահման չունէր:

Յատուկ շնորհակալութիւն՝ Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ YMCA-ի մեր գործընկերներուն՝ իրենց հիւրընկալութեան, համագործակցութեան եւ այս գեղեցիկ միջոցառումը կարելի դարձնելու համար:

Յետմիջօրէին, մեր աշակերտները դպրոց վերադարձան յոգնած, սակայն ուրախ ժպիտներով եւ գոհունակ սրտերով, որովհետեւ յաջողած էին, իրե՛նց աշխատանքով եւ ջանքերով, ուրախութիւն բաշխել եւ կարօտեալներուն օժանդակել: Վստահ ենք, որ յիշատակելի այս օրը երկար պիտի ապրի մեր սաներուն յիշողութեան մէջ։

 


Name
Title
Comment