Posted on YouTube, Instagram and Facebook

«Ֆրանքօֆոնիայի Օրուան»ի Պատշաճ Նշում, Նաեւ՝ «Ֆապրիանօ»ի Մրցանակներու Բաշխում Ու Գնահատում
4 Ապրիլ 2025ին, Միութեանս վարժարաններու աշակերտութիւնը գոհունակութիւնը ունեցաւ վայելելու զոյգ մրցանքներու նշում և մրցանակներու բաշխում:
Առաջինը, «Ֆրանքօֆոնիայի Օր»ն էր, որուն առիթով, պատրաստուած է պատշաճ ու կոկիկ յայտագիր մը, արժանավայելօրէն զայն յիշատակելու և անդրադառնալու, աշակերտական մակարդակով, սակայն, գոհացուցիչ ու տպաւորիչ յայտագիրով մը:
Բացման խօսքը եւ գեղարուեստական բաժինը յայտագիրին ու տօնին տուին յատուկ երանգ մը, մանաւանդ որ՝ մասնակից աշակերտութիւնը լաւագոյնս դրսեւորեց ինքզինք ու կրցաւ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ, ժրաջանութեամբ և արդիւնաւէտութեամբ, գեղեցկօրէն հանդէս գալ և իր դասարանակիցներուն ոչ միայն փոխանցել օրուան ոգին, այլեւ՝ խանդավառել բոլորը, աշխուժօրէն մասնակցելով ու ծափերով դիմաւորելով իրենց դասընկերները:
Բացայայտ էր, որ բոլորը՝ թէ՛ ուրախ էին, թէ՛ կը բաժնէին օրուան յայտագիրին գրաւչութիւնը, գիտնալով որ, շուտով տեղի պիտի ունենայ նաեւ ֆրանսերէն լեզուի և արուեստի արժանացած աշակերտութեան մրցանակաբաշխութիւնը:
Հասաւ այդ պահը, երբ Fabriano հաստատութեան տնօրէն՝ Ժան Քլոտ Նահաս, բեմ բարձրանալով, անդրադարձաւ այս ստուգատեսին, որուն մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւէր մեր աշակերտութիւնը, շնորհաւորելով իւրաքանչիւրը և յանձնելով վկայականը:
Պրն. Նահաս դրուատիքով արտայայտուեցաւ մեր դպրոցի մասին, նշելով, որ ՀԲԸՄի Վարժարաններու սաները, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս՝ պատուաբեր դիրքեր գրաւած էին, եւ անոնց աշխատանքները՝ արժանացած էին յատուկ գնահատանքի ու հանրութեան ներկայացուած՝ ընկերութեան կազմակերպած ցուցահանդէսներուն ընթացքին:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ «Ֆապրիանօ» գեղարուեստի մրցանակի բաշխումը, որուն արժանացան եօթը հոգի և ստացան իրենց վկայագիրները, ձեռամբ Պրն. Տնօրէնին ու գեղարուեստի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Թամարա ՇիրՅակոբեանին:
Ստորեւ, յաջողած աշակերտ-աշակերտուհիներուն անուանացանկը.
Մելիսա Արմաղանեան (Մէթն շրջանի Ա. մրցանակ), Միրէյ Արմաղանեան, Մակտալենա Պալճեան, Դալար Աշճեան, Մապէլ Արմաղանեան, Րայըն Ադամեան, Բերլա Գէօհիւլեան
Ապա, կատարուեցաւ Ֆրանսերէնի «DELF» քննութեանց յաջողած աշակերտներու վկայագիրերու տուչութիւնը: Պրն. Վասիլեան բացատրեց, թէ անցեալ տարեշրջանին՝ այդ քննութիւններուն մասնակցած բոլոր 31 աշակերտները հասած էին յաջողութեան, եւ հրաւիրեց Ֆրանսերէնի նախկին ուսուցչուհի՝ Տիկ. Աննա Արթինը, եւ այժմու ուսուցչուհիներ՝ Օրդ. Թաթիանա Պըրքաշին եւ Տիկ. Ճոյս Ռուհանան՝ «DELF» քննութեանց այդ վկայագիրերը յանձնելու աշակերտութեան:
Ստորեւ, յաջողած աշակերտ-աշակերտուհիներուն անուանացանկը.
Ալին Գէորգեան, Գրիգոր Անթունեան, Արեգ Վասիլեան, Ճիօ Րուհանա, , Ճորճիօ Քլէյանի, Լունա Պապահէքեան, Սերենա Գոյունեան, Լարա Սահակեան, Էլենա Մարսուպեան, Մարիթա Քլէյանի, Լեթիսիա Ղազարեան, Քրիսթիան Պաղտասարեան, Րայըն Ադամեան, Վանա Տագէսեան, Թալիա Երեմեան, Պերնար Սահակեան, Ճօն Րուհանա, Սերժ Գաբրիէլեան, Մարի-Պէլ Տալտալեան, Ճօն Պետիկեան, Ալեքս Պետիկեան, Ալեքսիա Արթին, Փիեռ Թապաքեան, Գլարիթա Նազարեան, Քէժիժեան Սիրէլ, Մարիլին Յակոբեան, Ռայըն Պետիկեան, Ալիք Արզումանեան, Հէյլի Սաշա Աբրահամեան, Քրիսթի Արթին
Ճիովաննա Սէնքէրի
Յիշարժան ատենամարզանք, հպարտառիթ մրցանակակիրներով ու մրցանակաբաշխութեամբ:
Շնորհաւորութիւն՝ բոլորին:

Journée de la Francophonie at the AGBU Schools – A Celebration of Language, Art, and Achievement!
On April 4, 2025, the AGBU Schools proudly celebrated La Journée de la Francophonie with a vibrant and well-prepared program that showcased our students’ linguistic and artistic talents. The event was a true reflection of our commitment to cultural richness, creativity, and academic excellence.
The celebration began with a touching opening speech and a delightful artistic performance. Our students shone on stage, presenting with confidence, enthusiasm, and precision, embodying the spirit of the Francophonie through songs, poetry, and drama—all met with resounding applause from their peers and teachers.
The excitement continued with the Fabriano Art Awards Ceremony, where Mr. Jean-Claude Nahhas, Director of Fabriano Lebanon, addressed the audience, commended the students for their remarkable work, and personally presented certificates to the winners, along with our school director and our amazing Art teacher, Mrs. Tamara ShirHagopia. We were honored by his kind words, noting that the students of the AGBU Schools had once again earned prestigious recognition in national exhibitions organized by Fabriano.
Congratulations to the Fabriano art award recipients:
Melissa Armaghanian (1st prize in Maten area), Mireille Armaghanian, Magdalena Baljian, Talar Ashjian, Mabelle Armaghanian, Ryan Atamian, Perla Keuhulian
The celebration concluded with the distribution of DELF Diplomas to 31 students who successfully passed the official French language examinations. Mr. Vassilian praised their achievement and invited former French teacher Mrs. Anna Artine, along with current instructors Ms. Tatiana Berkachy and Mrs. Joyce Rouhana, to present the certificates.
Congratulations to all our DELF achievers from Grades 6 to 12! You’ve made us incredibly proud!
Aline Kevorkian, Krikor Antounian, Gio Rouhana, Arek Vasilian, Georgio Kleiany. Luna Babahekian, Serena Koyounian, Lara Sahakian, Elena Marsoubian, Marita Kleiany, Laeticia Ghazarian, Chriatian Baghdassarian, Ryan Atamian, Vana Dakessian, Talia Yeremian, Jon Rouhana, Bernard Sahakian, Serj Kaprielian, Marie-Belle Daldalian, John Bedikian, Alex Bedikian, Alexia Artin, Pierre Tabakian, Clarita Nazarian, Sirel Kejijian, Marilyn Hagopian, Ryan Bedikian, Alik Arzoumanian, Haley Sasha Aprahamian, Christy Artine, Giovanna Sankari.
This memorable event was a true celebration of our students’ talents, perseverance, and love for the French language and culture.
Félicitations à tous!
#AGBUSchools #francophonie2025 #DELFSuccess #fabrianoartawards #CelebrateLanguages #multilingualeducation #artsandacademics #agbupride #lebanon #frenchlanguage #StudentExcellence