Sink or Float? Density, not destiny!

Tue, 24 Feb 2026

Posted on Instagram and Facebook:

7-րդ Դասարանի մեր սաները իսկական գիտնականներու նման գործեցին բնագիտութեան մեր գիտաշխանոցին մէջ: 🧪✨

Դասապահը սկսաւ հետաքրքրական փորձով մը. աշակերտները զանազան առարկաներ մխրկեցին ջուրին մէջ՝ ստուգելու համար, թէ անոնք պիտի ընկղմի՞ն, թէ պիտի ծփան: Այս ձեւով անոնք գործնականապէս հասկցան խտութեան (density) սկզբունքը:

Սակայն, մեր սաները այս փորձարկումերով միայն չբաւարուեցան: 🧮 Մեր պատանի գիտնականները չափեցին տարբեր հեղուկներու ծանրութիւնն ու ծաւալը, ապա հաշուեցին իւրաքանչիւրին ճշգրիտ խտութիւնը, կռահելով, թէ ո՛ր հեղուկը պիտի ծփայ ո՛ր հեղուկին վրայ: Քննական մօտեցումով եւ հետազօտական ոգիով անոնք հասկցան բնագիտութեան այս կարեւոր սկզբունքը:

Շնորհակալութիւն Տիկ, Հայկոյին՝ դասը այսքա՛ն հետաքրքրական եւ դիւրահաս կերպով ներկայացնելու իր մօտեցումին համար:

Our Grade 7 students turned into mini-scientists this week in the physics lab! 🧪✨

The lesson started with a splash as students conducted "Sink or Float" experiments. By immersing various objects in water, they witnessed firsthand how buoyancy works and began uncovering the mysteries of density.

But the discovery didn't stop there! 🧮 Our young scholars took it a step further by measuring the mass and volume of different liquids to calculate their precise densities. It was a day of hands-on learning, critical thinking, and scientific inquiry.

Thank you, Mrs. Haigo, for such an engaging and insightful lab session!

#AGBUSchools #agbuschools #PhysicsLab #STEAM #HandsOnLearning #ScienceIsFun #sinkorfloat #ScienceExperiment


Name
Title
Comment