Այսօր` հաճոյքը ունեցանք հիւրընկալելու Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) Հիւանդապահութեան Ծրագրի տնօրէն՝ Դոկտ. Պահիա Ապտալլան, ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքի դասախօսական կազմի անդամներէն՝ Տիկ. Նուրա Ժաննունի եւ անձնակազմէն՝ Տիկ. Ճոյս Գոզէյլիի։
Յարգելի հիւրերը երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուցին հիւանդապահութեան ծրագիրը՝ մանրամասնութիւններ փոխանցելով ասպարէզի հեռանկարներուն եւ համալսարանի ընձեռած կրթանպաստի պայմաններուն մասին։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Դոկտ. Ապտալլային եւ LAU-ի անձնակազմին՝ իրենց շահեկան ներկայացման համար։
Today, we had the pleasure of hosting Dr. Bahia Abdallah, the Nursing Program Director at the Lebanese American University (LAU), accompanied by faculty member Ms. Noura Jannoun and Mrs. Joyce Kozeili.
Our esteemed guests introduced the Nursing Program to our secondary students, providing detailed insights into future career prospects and the various scholarship and financial aid opportunities offered by the university.
We extend our sincere gratitude to Dr. Abdallah and the LAU team for their highly informative and beneficial presentation.