Սիրելի Ծնողք,
Ձեզ ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ այս եղանակին՝ գլխու ոջիլները կրնան դիւրութեամբ տարածուիլ մեր զաւակներուն միջեւ, ամէնամաքուր դասարաններուն եւ տուներուն մէջ իսկ: Այս տարածումը՝ բնական երեւոյթ մըն է, եւ անոր կանխարգիլումը՝ կախեալ է մեր գործակցութենէն եւ ուշադիր խնամքէն:
Այս իմաստով, բոլոր ծնողներէն կը խնդրենք, որ
- Ուշադիր քննեն իրենց զաւակներուն մազերը:
- Օգտագործեն կանխարգիլող հակաոջիլ «շամփու»ներ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ բուժման օծանելիքներ կամ դեղեր գործածեն:
- Ոջիլներ նկատելու պարագային՝ տեղեակ պահեն դպրոցի տնօրէնութիւնը:
Հաճեցէք նկատի առնել, թէ դպրոցէն ներս մազերու քննութիւններ պիտի կատարենք վաղը՝ կանուխ յայտնաբերելու եւ պատշաճ լուծումները ապահովելու համար։
Բարձր կը գնահատենք ձեր գործակցութիւնը՝ մեր բոլոր զաւակներուն համար առողջ դպրոցական միջավայր մը ապահովելու իմաստով։
Եթէ հարցեր կամ մտահոգութիւններ ունիք, կը խնդրենք, որ անվարան դիմէք դպրոցի տնօրէնութեան։
Կանխայայտ շնորհակալութիւն՝ Ձեր շարունակական գործակցութեան համար։
Յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով՝
Տնօրէնութիւն
Dear Parents,
We would like to inform you that head lice are common during this season and can spread easily among children, even in the cleanest of environments. This is a normal occurrence in schools and requires our collective attention and cooperation.
We kindly ask all parents to:
· Check your child's hair carefully at home
· Use appropriate anti-lice shampoos and treatments if needed
· Inform the school if you detect any signs of head lice
The school will be conducting hair screenings tomorrow to ensure early detection and proper management.
We appreciate your understanding and cooperation in maintaining a healthy school environment for all our students.
Should you have any questions or concerns, please feel free to contact the school administration.
Thank you for your continued collaboration.
Sincerely,
The Administration
29/4/2026